Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի կարեւոր հարցեր եւ միտքեր փոխանակած են շրջանային   զարգացումներու վերաբերեալ: Կողմերը նաեւ համաձայնութիւն ձեռք բերած են հանդիպելու Մոսկուայի մէջ՝ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու օրակարգի հարցերը աւելի մանրամասն քննարկելու համար: