Երկիր Մետիա կը հաղորդէ թէ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլին յայտարարած է, որ Վրաստանի հայաբնակ Սամցխէ-Ջաւախք նահանգը ազատ տնտեսական գօտի հռչակելու գաղափարը Վրաստանի դէմ մշակուած ծրագիրին մէկ մասն է. ան կ՛անդրադառնար Ռուսիոյ Ջաւախքի համայնքի յայտարարութեան:
«Կը ներմուծուի անջատողականութեան նոր գաղափար: Ամէն ինչ իրարու կապուած է: Վրաստանով Աբխազիայէն Հայաստան անցնող երկաթուղային հաղորդակցութեան բացումը ներկայ դրութեամբ հիմնովին կը հակասէ Վրաստանի շահերուն», յայտնած է Սաակաշվիլին՝ վրացական լրատուամիջոցներուն համաձայն։
Վրաստանի ղեկավարը յայտարարած է, որ վերջերս նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի համաներմամբ ազատ արձակումը վրացահայ գործիչ Վահագն Չախալեանի, զոր ան կը նկատէ հայ անջատողական, Վրաստանի հայաբնակ շրջանը հանրապետութենէն առանձնացնելու ծրագիրին մաս կը կազմէ։
«Անոնք ամէն ձեւով կ՛ուզեն ստեղծել որեւէ ցուցադրական մասնիկ Ջաւախքի մէջ, եւ ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման իմաստն այն է, որ ստեղծուի մէկ վարչական միաւոր, եւ երբ անիկա ստեղծուի, պահանջեն ինքնավարութիւն եւ անկախութիւն Վրաստանէն», յայտնած է նախագահը։
Յիշեցնենք, որ Վրաստանի նախագահը զայրացած էր Աբխազիայով Հայաստանը Ռուսիոյ կապող երկաթուղիի հաւանական վերագործարկման մասին յայտարարութենէն, զոր Յունուարի կէսին Երեւան կատարած այցելութեան ընթացքին կատարած էր Վրաստանի վարչապետ, խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութեան առաջնորդ Պիձինա Իվանիշվիլին: