Միօրեայ հացադուլի դիմած է Արամ Յարութիւնեանը, որ լրագրողներուն յայտարարութիւն մը կարդալով, յայտնեց թէ ինքնաբացարկ կը ներկայացնէ ընտրական գործընթացէն։

«Ազգային Համաձայնութիւն» կուսակցութեան առաջնորդը տեղ գրաւեց Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի դիմաց տեղադրուած նստարանին վրայ եւ յայտնեց թէ հոն պիտի իրականացնէ իր միօրեայ հացադուլը։

Ան նախապէս այցելած էր օրերէ ի վեր հացադուլի մէջ եղող Անտրէաս Ղուկասեանին, յորդորելով իրեն որ դադրեցնէ հացադուլը։ Ի դէպ, Անտրէաս Ղուկասեանի առողջական վիճակը սկսած է վատթարանալ։ Իրեն մօտիկ անձերը կը պնդեն որ ան հիւանդանոց պէտք է փոխադրուի։

6 Փետրուարի առաւօտուն ան թոյլ զգացած է, չէ կրցած տեղէն ելլել եւ կապ հաստատել լրատուամիջոցներուն հետ։ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մօտ տեղակայուած Ղուկասեանին մօտ եկած են շտապ օգնութեան աշխատակիցները եւ քննած են թեկնածուին: «Արմէնփրէս»ին համաձայն, բժիշկները յայտնած են, որ արեան ճնշումը նուազած է: Անտրէաս Ղուկասեան պէտք է հանգիստ ընէ. ան պառկած է, բժիշկները խորհուրդ տուած են ոտքի չելլել:

Թեկնածուին ղեկավար մարմինի համակարգող Արմէն Գրիգորեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նոյնիսկ այս իրավիճակին մէջ Ղուկասեան բացառած է հացադուլի դադարեցումը եւ պատրաստ է մինչեւ վերջ պայքարելու՝ իր նպատակներուն հասնելու համար: Արմէն Գրիգորեանը բացառած է նաեւ Սահմանադրական դատարան դիմելու կարելիութիւնը, քանի որ հացադուլի պատճառով առողջութեան վատթարացումը ենթակայական գործօն է: «Անտրէաս Ղուկասեանը, հացադուլի գնալով, յստակ գիտակցել է, որ դա չի կարող անյաղթահարելի խոչընդոտ լինել», դիտել տուած է Գրիգորեան:

Այսօր առտու Անտրէաս Ղուկասեանին այցելած է առողջապահութեան փոխ նախարար Վահան Պօղոսեանը: Զրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահական թեկնածուն իր առողջական վիճակի մասին յատուկ գանգատներ չէ ունեցած, այլ ընդամէնը գանգատած է զարկերակային ճնշման անկումէն եւ որոշակի թուլութենէ՝ յայտնելով, որ որոշած է 6 Փետրուարին հացադուլը շարունակել պառկած վիճակի մէջ, որպէսզի կարելի եղածին չափ քիչ կենսուժ սպառէ։ Փոխ նախարար Պօղոսեանը առաջարկած է հիւանդանոց փոխադրել զայն եւ քննութիւններ կատարել: Սակայն Անտրէաս Ղուկասեան ներկայ դրութեամբ մերժած է առաջարկը: Նախարար Դումանեանի յանձնարարութեամբ արդէն իսկ շուրջօրեայ բժշկական հսկողութեան տակ դրուած է նախագահական թեկնածուն՝ շտապ օգնութեան անձնակազմին կողմէ:

  

Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը կազմակերպելու նպատակով 41 ընտրատարածքներու մէջ արդէն ձեւաւորուած է 1988 ընտրատեղամաս:
Նախընտրական քարոզչութիւնը պիտի աւարտի Փետրուար 16-ին:
Քուէարկութիւնը պիտի սկսի Փետրուար 18-ին, առաւօտեան ժամը 08:00-ին եւ պիտի աւարտի ժամը 20:00-ին:
Նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփումը տեղի պիտի ունենայ 2013-ի Փետրուար 25-ին: