ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան Արցախի ազատագրման 25-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ ելոյթ կ'ունենայ ԱՄՆ Գոնկրէսի մէջ:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին հաղորդեցին ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբէն, ԼՂՀ նախարարը Մարտ 13-ին կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներ` մասնակցելու Գոնկրէսին մէջ կայանալիք ուսուցողական ծրագրին եւ ԱՄՆ օրէնսդիրներու, քաղաքացիական առաջնորդներու եւ համայնքային կազմակերպիչներու հետ միասին տօնելու Արցախի ազգային ազատագրական շարժման 25-ամեակը:
«Շնորհակալութիւն ենք յայտնում ԱՄՆ Գոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի գոնկրէսականներուն Արցախի ժողովրավարութեան, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ-ում եւ տարածաշրջանում երկարատեւ եւ արդարացի խաղաղութեան պահպանման ուղղուած ուսուցողական ծրագիրը նախանձեռնելու եւ առաջնորդելու համար: Ծրագիրը հիանալի հնարաւորութիւն է ոչ միայն տօնելու Արցախի ժողովրդավարական, տնտեսական եւ մշակութային զարգացումը, այլեւ արժանին մատուցելու այն երիտասարդ առաջնորդների հիանալի սերնդին, ովքեր ջանասիրաբար աշխատում են կառուցելու եւ ձեւաւորելու իրենց հանրապետութեան պայծառ ապագան»,- նշեց Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:
Միջոցառումը կազմակերպուած է ԱՄՆ Գոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի, Հայաստանի դեսպանատան, ԼՂՀ գրասենեակի եւ հայ ամերիկեան քաղաքացիական կազմակերպութիւններու ջանքերով:
Նախարար Նարինէ Աղաբալեան առանցքային դեր ունեցած է Շուշիի՝ որպէս մշակութային կեդրոնի վերականգման գործով: