ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող հակամարտութիւնը տակաւին լարուածութեան աղբիւր կը մնայ.

այսպէս ըսուած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Ճէյմզ Քլեփըրի կողմէ պատրաստուած ու ապահովական սպառնալիքներու նուիրուած տարեկան զեկոյցին մէջ:

«Չափազանցուած հռետորութիւնը, կողմերու անվստահութիւնը եւ սահմանագիծին վրայ կրկնուող բռնութեան դէպքերը զգալիօրէն կ՛աւելցնեն սխալելու վտանգը, որ կրնայ յանկարծակիօրէն սրել իրավիճակը», նշուած է զեկոյցին մէջ:

Իսկ Վրաստանի մասին գրուած է, թէ անցեալ տարուան ընտրութիւններուն ընթացքին ընդդիմութեան ապահոված յաղթանակէն ետք՝ նոր հնարաւորութիւններ բացուած են Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար: «Սակայն Միխայիլ Սահակաշվիլիի գլխաւորած Միացեալ ազգային շարժումին կողմէ երկրի կառավարման 10 տարիներէն ետք, Վրաստան կը գտնուի բարդ քաղաքական վիճակի եւ ներքաղաքական անկայունութեան մեծ վտանգի առջեւ», նշուած է զեկոյցին մէջ: