Մարտ 15-ին միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ եւ Յունաստանի իր պաշտօնակից Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հրաւէրով Աթէնք գտնուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը։

Հանդիպումներու բաւական յագեցած յայտագրով Յունաստան այցելած ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը՝ անցեալ Ուրբաթ առաւօտեան նախագահական ապարանքին մէջ, ընդունուեցաւ Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի կողմէ։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, Յունաստանի հանրապետութեան նախագահը յոյն ժողովուրդի ամէնաջերմ համակրանքն ու եղբայրական զգացումները արտայայտեց հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի հանդէպ, նշելով թէ ուրախ է, որ երկկողմ քաղաքական յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին, աւելցնելով, թէ պէտք է երկուստեք քայլեր ձեռնարկուին տնտեսական համագործակցութիւնը նոյն մակարդակի վրայ բարձրացնելու համար։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ նախարար Նալբանդեանը նախագահ Փափուլիասին փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները եւ նշեց, որ նախագահ Սարգսեան առանձնայատուկ ջերմութեամբ կը յիշէ 2011ին Յունաստան կատարած իր այցելութիւնը եւ կը սպասէ Յունաստանի նախագահի փոխ այցին։

Ինչպէս կը հաղորդուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, Յունաստանի նախագահն ու Էդ. Նալբանդեան գոհունակութեամբ նշած են, որ վերջին տարիներուն մէջ առանձնացաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ շփումներու աշխուժութիւնը, որ համատեղ ջանքերով նոր խթան հաղորդեց փոխադարձ յարաբերութիւններուն ու առկայ է երկուստեք պատրաստակամութիւն՝ անոնք առաւել եւս ամրապնդելու գծով։

Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ հայ-յունական յարաբերութիւնները առանձնաշնորհեալ բնոյթ կը կրեն իրենց փոխըմբռնման եւ փոխ վստահութեան բարձր մակարդակի շնորհիւ:

Նախագահ Փափուլիաս ներկայացուց Յունաստանի մէջ ֆինանսա-տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքները վերացնելու նպատակով իրականացուող քայլերը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, մուտքի արտօնագրային համակարգի դիւրացման գործընթացին, խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ համաձայնագրի բանակցութիւններուն:

Զրուցակիցները անդրադարձան կրթական եւ մշակութային բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան խթանման: Այս առումով Յունաստանի նախագահը նշեց, որ պիտի նախաձեռնէ հայ երիտասարդները Յունաստանի համալսարաններէն ներս ուսանելու նպատակով յատկացուող կրթաթոշակներու քանակութեան յաւելումին։

Հանդիպման օրակարգին էին նաեւ կիպրական հարցի լուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը։ Այդ ծիրէն ներս Էդվարդ Նալբանդեանը վերահաստատեց Կիպրոսին սատարելու Հայաստանի սկըզբունքային դիրքորոշումը:

Էդվարդ Նալբանդեանը Յունաստանի նախագահին ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները:

Հանդիպման աւարտին պրն. Փափուլիաս խնդրեց իր յարգանքն ու ողջոյնները փոխանցել եղբայրական Հայաստանի ղեկավարին ու տեղեկացնել, որ ընդունելով ՀՀ նախագահի հրաւէրը՝ սիրով պիտի այցելէ Հայաստան։

Նոյն օրը նախարար Նալբանդեանը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիսի հետ: Զրուցակիցները նշեցին, որ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ հաստատուած աշխուժ համագործակցութիւնը, միջ-խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու աշխուժ գործունէութիւնը մեծապէս կը նպաստեն միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան խորացման:

Էվանկելոս Մէյմարաքիս եւ Էդուարդ Նալբանդեան կարեւորեցին յունահայ համայնքի աշխուժ դերակատարութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Յունաստանի խորհրդարանի ղեկավարին ներկայացուց Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն փոխ գործակցութիւնը, Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափի հիմամբ տեղի ունեցող գործընթացներուն Հայաստանի մասնակցութիւնը:

Անդրադարձ եղաւ կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ իրականացւող ջանքերուն:

Նախարար Նալբանդեանը երախտագիտութիւն յայտնեց Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար։

Յունաստանի խորհրդարանի շէնքէն ներս կայացաւ նաեւ Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ, խորհըրդարանի նախկին ղեկավար Ափոսթոլոս Գաքլամանիսի եւ խումբի անդամներուն հետ։ Գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ հայ-յունական յարաբերութիւնները հազարամեակներու ընթացքին ամրապնդուած ու զարգացած են եւ այսօր երկու երկիրները կը միաւորէ սերտ փոխգործակցութիւն տարբեր բնագաւառներէ ներս: Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին յունահայ համայնքի դերակատարութիւնը երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ։

Նոյն օրը կայացան Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ քննարկումները։

Ողջունելով Հայաստանի ԱԳ նախարարի այցելութիւնը՝ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս ըսաւ. «Ուրախ եմ ողջունելու եղբայրական Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, շարունակելու համար տարբեր հարցերու շուրջ հանգամանալից երկխօսութիւնը: Հայաստանի հետ մեզ կը կապեն մի քանի հազարամեակի պատմութիւն ունեցող բացառիկ յարաբերութիւնները»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Աթէնք այցելելու հրաւէրի համար՝ նախարար Նալբանդեան նշեց, որ ուրախ է կրկին Յունաստան գտնուելով. ան նշեց թէ Հայաստանը Յունաստանին կը կապեն ժամանակի փորձութիւն անցած դարաւոր բարեկամութիւն ու եղբայրական յարաբերութիւններ:

Նախարարները հանգամանալից անդրադարձան քաղաքական երկխօսութեան, միջազգային կառոյցներու մէջ փոխ գործակցութեան, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութեան, ռազմական համագործակցութեան, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման առնչուող հարցերու, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի, կրթութեան բնագաւառներէն ներս փոխգործակցութեան ընդլայնման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերու:

2014ին Եւրոպական Միութենէն ներս Յունաստանի նախագահութեան ծիրը քննարկելով՝ զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, մուտքի արտօնագրային համակարգի դիւրացման եւ այլ հարցերու վերաբերեալ։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ այս տարուայ աշնան բարձր մակարդակի միջ-կառավարական հանդիպում կատարելու մասին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու դիւանագիտական կրթական հաստատութիւններու միջեւ փոխանակումներու մասին։

Քննարկումներու մաս կազմեցին կիպրական հիմնահարցի կարգաւորման ու արցախեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման առնչուող հարցերը: Այդ ծիրէն ներս նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը։

Հայաստանի եւ Յունաստանի նախարարները քննարկեցին մերձաւորարաելեան զարգացումները:

Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստան այցելելու հրաւէր ուղղեց Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսին։ Համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուեցաւ, ապա նախարարները հանդէս եկան համատեղ մամուլի ասուլիսով։

Մարտ 15-ի երեկոյեան Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ   յունահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։