Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ հաստատուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն։ Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը գերմանական խորհրդարանի՝ Պունդեսթակի տարբեր կուսակցութիւններու պատգամաւորներու հետ հանդիպման ժամանակ։
Նալբանդեան կարեւորեց երկու երկիրներու խորհըրդարաններու միջեւ առկայ սերտ համագործակցութիւնը, նաեւ փոխ գործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովներուն մէջ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն շուրջ։ Էդուարդ Նալբանդեանը մանրամասն ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը։
Նոյն հարցերը ան քննարկեց նաեւ վարչապետ Անկելա Մերքելի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգության հարցերով գլխաւոր խորհրդական Քրիստոֆ Հոյսգենի հետ:
Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդին մօտ, ուր հանդէս եկաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն ելոյթով, պատասխաններ տալով ներկայ գտնուող բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, դիւանագէտներու, քաղաքագէտներու եւ լրագրողներու բազմաթիւ հարցերու:
Այսօր առտու պիտի կայանայ Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ
Գարոլոս Փափուլիասի եւ Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը
նախագահական ապարանքէն ներս
Ինչպէս երէկուայ մեր թիւով հաղորդած էինք, այսօր Աթէնքի մէջ հանդիպումներու շարք մը կÿիրագործէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը, Յունաստանի բարձրապաշտօն ղեկավարութեան հետ:
Այսօր առաւօտեան ժամը 11:30ին կը կայանայ Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ, նախագահական ապարանքէն ներս, ապա անմիջապէս կը յաջորդէ այցելութիւն հելլէն խորհրդարան եւ հանդիպում նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիսի հետ: Կէսօրուայ ժամերուն պիտի իրագործուի Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հետ հանդիպումը: