«Արի տուն» երիտասարդական ծրագիրի 6 հանգրուաններուն ընթացքին Հայաստան այցելած է աւելի քան 715 երիտասարդ՝ աշխարհի 36 երկիրներէ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սկսաւ «Արի տուն» երիտասարդական ծրագիրի 7րդ հանգրուանը, որ հայրենիքի մէջ համախմբած է աշխարհի 16 երկիրներէ 90
մասնակիցներ:
«Արի տուն» ծրագիրի 7րդ հանգրուանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, որ ողջունած է սփիւռքահայ երիտասարդները՝ մաղթելով յաջողութիւն հայրենիքի մէջ իրենց կեցութեան ընթացքին։ «Բարով էք եկել հայրենիք, ուրախ եմ, որ մաս կազմեցիք այն հազարաւոր երիտասարդների, ովքեր արդէն 5րդ տարին դառնում են այս ծրագրի մասնակիցը: Ուրախ եմ եւ շնորհակալ, որ մեր հայրենակիցները բացում են իրենց դռները ու հիւրընկալում ձեզ իրենց յարկի տակ: Դուք 14 օր ունէք ձեր երկրորդ մայրիկն ու հայրիկը, ովքեր անում են ամէն ինչ, որ հետաքրքիր անցնի ձեր ամէն օրը», յայտնած է Հ. Յակոբեան:
Ան «Արի տուն»ի մասնակիցներուն կոչ ուղղած է մնայուն կերպով հայերէն խօսիլ եւ բարելաւել իրենց հայերէնը:
«Այս ծրագրի ամենամեծ գործը հայոց լեզուն սովորելն է ու լաւացնելը: Խնդրում եմ, յորդորում, որ ամէն օր մասնակցէք հայերէնի դասերին, միայն խօսէք հայերէն. հայերէնը մեր լեզուն է, մեր սրբութիւնն է, մեր լինելիութեան ողնաշարն է», յայտնած է նախարարը:
«Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն «Ուելքամ թու Արմինիա» երգով ողջունած է Մանկական Եւրատեսիլի 2011 թուականի Հայաստանի մասնակից Դալիթան: Խօսք արտասանած են նաեւ ծրագիրի մասնակիցներն ու հիւրընկալ ընտանիքներու անդամները, որոնք խօսած են իրենց իւրայատուկ փորձառութեան եւ զգացումներուն մասին, յայտնելով իրենց խանդավառութիւնը՝ ծրագրին մասնակցելու կապակցութեամբ: