Թուրքիոյ սահմանին մօտ շաբաթ օր դարձեալ յարձակումի ենթարկուած է Հալէպ-Երեւան ուղղուող հանրակառք մը: Առեւանգուած են 4  հայ տղամարդիկ, նախնական տուեալներով՝ 3-ը ուղեւորներ են, 1-ը՝ վարորդը:
Առեւանգեալներուն ճակատագիրը անյայտ է: Հանրակառքին  մէջ եղած են նաեւ ազգութեամբ հայ կիներ եւ աղջիկներ, որոնք վերադարձած են  Հալէպ:
Դարձեալ շաբաթ օր Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ արձակազէնի կրակոցէն 30-ամեայ հայ տղամարդ մը վիրաւորուած է: Բարեբախտաբար վիրաւորին վիճակը ծանր չէ:
Իսկ Ուրբաթ օր Պէյրութի միջազգային օդակայանի  ճամբուն վրայ, զինեալներ բռնի ուժով կեցուցած էին թրքական օդանաւային ընկերութեան ինքնաշարժ մը, որուն մէջէն  առեւանգած էին երկու թուրք օդաչուներ: