Լեռնագնացներու խումբը անցած է Ջաւախքէն եւ այցելած Թմբկաբերդ, ապա այցելած է Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Անին:
Իջնելով Արարատի գագաթէն՝ խումբը մեկնած է Վանայ լիճ եւ տօնակատարութիւն կատարած Աղթամար կղզիին վրայ:
Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնադրամին համար այս տարուայ Օգոստոսը անմոռանալի է, քանի որ հիմնադրամի 11 հոգինոց «Արարատ Տրիմ» լեռնագնացներու խումբը Յարութ Տէր Դաւիթեանի գլխաւորութեամբ եւ նուիրատուներ Հրաչ Լուկասեանի, Աշոտ Մանուկեանի եւ Հայկ Մանուկեանի մասնակցութեամբ, բարձրացուցած են կազմակերպութեան դրօշը Արարատ լերան գագաթին, ի նշան հիմնադրամի ազգանուէր եւ մարդասիրական առաքելութեան համազգային աջակցութեան:
Հիմնադրամը հիմնուած է 1999ին, արեան հիւանդութիւններով տառապող հայերու բուժման նպաս- տելու համար: Ցայսօր, հիմնադրամին անդամագրուած են աւելի քան 25 հազար աշխարհասփիւռ կամաւորներ՝ 4 ցամաքամասերէ ու 18 երկիրներէ, եւ արձանագրուած են 2249 հաւանական նուի- րատուներ: «Մենք շատ ոգեւորուած էինք «Արարատ Տրիմ»ի եւ յատկապէս մեր նուիրատուներու մասնակցութեամբ, որոնք հիմնադրամին դրօշը, զոր մենք կը համարենք հրաշալի խորհրդանիշ համահայկական համախմբուածութեան եւ համագործակցութեան, ծածանեցին Արարատ լերան գագաթին», նշած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սեւակ Աւագեան: