ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Արցախ այցելեց անցնող շաբաթավերջին, ուր ընդունուեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ԼՂՀ նախագահի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն՝ հանդիպման ժամանակ ԼՂՀ նախագահը նշեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման ամենամեծ խոչընդոտը՝ պաշտօնական Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնն է: Ան աւելցուց որ հետզհետէ այն աւելի մեծ սպառնալիք պիտի ներկայացնէ, տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման առումով: Այս ծիրէն ներս նախագահը կոչ ուղղեց համանախագահին յատուկ ուշադրութիւն դարձնել տուեալ հարցին:
ԼՂՀ նախագահի հետ մօտ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն յետոյ ամերիկացի նորանշանակ համանախագահը լրագրողներուն հետ զրուցեց, փոխանցելով իր տպաւորութիւնները. «Այցս ճանաչողական բնոյթ կը կրէ: Ես եկայ հոս, որպէսզի ծանօթանամ բոլոր կողմերու մօտեցումներուն: Բոլոր հանդիպումներու ժամանակ կ'ուզեմ քայլ մը առաջ նայիլ, որպէսզի տեսնեմ եթէ հնարաւոր է աւելի կայուն խաղաղութեան հասնիլը» ըսաւ Ուորլիք: Ան աւելցուց թէ բանակցութիւններուն մէջ որոշման հասնելու երկու տարբերակ կայ. «Մէկը՝ բանակցութիւններով ինչ-որ որոշման հասնիլն է, այդ ուղութեամբ է որ ԵԱՀԿ-ն կÿաշխատի: Եւ կայ, իհարկէ, երկրորդ տարբերակը, որը հիմնականօրէն փոխ վստահութեան միջոցառումներու իրականացումն է: Եթէ, իրապէս, մենք կարողանանք հասնիլ վերջնական խաղաղութեան, բնական է, որ պիտի նաեւ զարգացնենք իրարու հանդէպ փոխ վստահութիւնը»:
Անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահ Օպամայի ղրկած ուղերձին, Ուորլիք պատասխանեց. «Մենք բոլորին կը դիմենք եւ կը փորձենք գտնել աւելի իրատեսական տարբերակներ‘ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար: Մեր հիմնական առաքելութիւնը՝ խողովակներ բանալ, որպէսզի մարդիկ կարողանան իրար հետ շփուիլ» ըսած է ան: