ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ Մաքսային միութեան միանալու հոլովոյթը պէտք է դիտարկուի լոկ իբրեւ տնտեսական հոլովոյթ, որովհետեւ ատիկա փոխկապակցուած է քաղաքական շարժառիթներու հետ:
«Հիմա դժուար է ըսել, թէ տնտեսական առումով ի՛նչ պիտի տայ անիկա Լեռնային Ղարաբաղին, դժուար է մեկնաբանել կամ գնահատական տալ: Վերջին տարիներուն ընդհանուր քննարկումները, հրապարակումները, վերլուծութիւնները տակաւին ամբողջական պատկերացում չեն կրնար ստեղծել ոչ միայն հանրութեան, այլեւ քաղաքական շրջանակներուն համար. դժուար թէ հիմա կարելի ըլլայ այդ ամէնը մեկնաբանել», Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան վերաբերեալ «Ապառաժ»-ին տեսակէտ յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կրնայ տալ Մաքսային միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղին, Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ «2010 թուականէն մինչեւ այսօր ընդգծուած կարծր միջամտութիւնները Ռուսիոյ կողմէ, իւրայատուկ պատգամները Հայաստանի իշխանութիւններուն թոյլ կու տան ենթադրել, որ Մաքսային միութեան անդամակցիլը կրնայ մեր վրայ ունենալ ծանր հետեւանքներ: Մէկ բանի մէջ համոզուած եմ, որ մենք կը թեւակոխենք հայ ժողովուրդի պատմութեան նոր փուլ մը: Թէ ինչ պիտի կատարուի այդ հանգրուանին մէջ, տակաւին պարզ չէ, բայց կրնանք ըսել՝ այդ ամէնը, ամենայն հաւանականութեամբ, կապուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութեան եւ լինելիութեան հետ»:
Մաքսային միութեան անդամ Ղազախստանի յայտարարութեան, թէ դէմ է Ղարաբաղի հետ Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցութեան, Դավիթ Իշխանեան հանգիստ կը վերաբերի՝ նշելով, որ չի կարծեր, թէ Մաքսային միութեան մէջ Հայաստան կրնայ ըլլալ առանց Ղարաբաղի:
«Այս առումով ասիկա պէտք է ըլլայ մեր ընդհանուր տեսակէտը, եւ յոյս կը յայտնեմ, որ այս սկզբունքով կ՛առաջնորդուին հայկական դիւանագիտական շրջանակները», նշեց Իշխանեան:
Շրջանառուող վարկածին, որ Ռուսիա պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, Իշխանեան թերահաւատօրէն կը մօտենայ: «Ատիկա միմիայն վարկած է, չեմ կարծեր, որ Ռուսիա մօտ ապագային կրնայ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, շարք մը դրդապատճառներ կան, որոնք թոյլ չեն տար ատիկա կատարել յառաջիկայ տարիներուն»:
«Պէտք է առկայ քաղաքական իրավիճակին մէջ կարենանք ելքեր գտնել՝ ժամանակ շահելու համար: Թերեւս նաեւ այս քայլը ժամանակ շահելու հոլովոյթ է, ի վերջոյ, աշխարհաքաղաքական առումով զարգացումները կը տանին այնպիսի ուղղութեամբ մը, որ մեզի համար Մաքսային միութեան մասին խօսիլը սուրիական խնդիրին խորապատկերին վրայ երկրորդական կրնայ դառնալ», աւելցուց Դաւիթ Իշխանեանը: