Երէկ կանուխ առաւօտուն Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցին մօտ հաւաքուած էր երիտասարդներու թիւ մը, որոնք բողոքի ցոյց կ'իրագործէին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այցի կապակցութեամբ.
Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող լոզունգներ բացագանչող երիտասարդները չկարողացան տեսնել Տաւութօղլուն, որովհետեւ ան հիւրանոց մտաւ ետեւի դուռը օգտագործելով:
Բողոքարարները «Ամօթ, ամօթ» սկսան պոռալ, երբ իրենց հաղորդուեցաւ այդ լուրը, ապա փորձեցին մօտենալ հիւրանոցի մուտքին, բայց ոստիկաններուն կողմէ ետ մղուեցան:
Ցոյցի մասին հաղորդեցին թուրք լրագրողները, որոնք ժամանած էին Հայաստան: