Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը վերանորոգման նպաոտակով փակ է ու պիտի վերաբացուի 2015ի Ապրիլ 24ին՝ նոր ցուցադրութեամբ:

Վերջերս կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը: Անոր համաձայն՝ վերանորոգման իբրեւ արդիւնք թանգարանի տարածքը պիտի աւելնայ 2.5 անգամով, ինչպէս նաեւ պիտի աւելնայ մէկ յարկ:

«Եթէ այժմ մէկ յարկում է ամփոփուած թանգարանային ողջ հարստութիւնը, ապա 2015ին թանգարան-ինստիտուտը կ՛ունենայ երկրորդ յարկ: Վերանորոգումից յետոյ առաջին ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը կը լինի 2014 թուականի Ապրիլին՝ առաջին աշխարհամարտի 100ամեակի կապակցութեամբ: Թանգարանը հիմնական ցուցադրութիւնը կը վերաբացի 2015 թուականի Ապրիլի 24ին՝ բովանդակային ու տեխնիակական նոր յագեցուածութեամբ», յայտնած է Սուրէն Մանուկեան:

Անոր համաձայն, կան կարեւոր դրուագներ, որոնք դուրս մնացած են թանգարանին ուշադրութենէն եւ այժմ փորձ կը կատարուի շեշտը անոնց վրայ դնելու: «Որոշուել է ցուցադրուող նմուշների միջոցով շեշտադրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն իբրեւ բազմահազար հայերի կոտորած, բայց եւ իբրեւ հայկական քաղաքակրթութեան կործանման եւ հայրենիքի կորուստ», նշած է Ս. Մանուկեան՝ աւելցնելով, որ ցուցադրութիւնը պիտի ուղեկցուի նորագոյն թեքնիքի կիրարկումով: «Կը լինեն 3D լուծումներ, պատկերներ, «թաչ-սքրիններ», որոնք հնարաւորութիւն կ՛ունենան հարիւրապատիկ աւելացնել ցուցադրուող նմոյշների քանակը», յայտնած է թանգարան - հիմնարկի փոխ տնօրէնը:

Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գործունէութեան մասին՝ Սուրէն Մանուկեան դիտել տուած է, որ հետագայ կատարելիքներուն մէջ հիմնական են ցեղասպանագիտական կեդրոն դարձնելու նպատակով քայլերը, որ թոյլ պիտի տան Հայաստանը վերածել համաշխարհային ցեղասպա- նագիտական կեդրոնի: «Ամէն երկու տարին կը գումարուի համաշխարհային կոնգրէսը, որ 2015ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, աշխարհի ամենայայտնի 500 ցեղասպանագէտներու մասնակցութեամբ» ըսաւ փոխ տնօրէնը, աւելցնելով թէ կարեւոր է Իսրայէլ Չարնիի մասնակցութիւնը, որ իր անձնական գրադարանը վերջերս նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին: