Անցեալ շաբաթ, նախագահ Փութինի Հայաստան այցելութեան առթիւ, «Հայռոսգազարդ»ի 20%ին՝ ռուսական կողմին յանձնումը, ռուսական կազի սակագինը կը շարունակեն առատ մելան հոսեցնել հայաստանեան թէ ռուսական մամուլին:
Ռուսական «Վէսթնիք Քավքազա» թերթը, անդրադառնալով նիւթին, կը գրէ, թէ Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեան զգայացունց յայտարարութիւններ կ’ընէ ամէն օր: Այդպէս, Դեկտեմբեր 2ին ան յայտարարած է, թէ ռուսական «Կազփրոմ»ին յանձնուած 20%ով, Հայաստան վճարեց կազի իր պարտքը, որ կը հասնէր 155 միլիոն տոլարի: Բայց վէճի նիւթ դարձած է, թէ այդ պարտքը ի՞նչպէս հասած է նման գումարի, մանաւանդ, որ նախարարը այդ մասին ոչ մէկ բացատրութիւն տուած է: Կ’արժէ նշել, որ այդ գումարին ահագնութենէն շշմած են նաեւ Հանրապետական երեսփոխաններ:
Դեկտեմբեր 4ին, Ազգային Ժողովին մէջ, ընդդիմութիւնը հարցումներու տարափի ենթարկած է նախարար Մովսիսեանը, որ բացատրած է, թէ խնդրոյ առարկայ պարտքը իրականութեան մէջ 300 միլիոն տոլար էր, թէ ան սկսած էր կուտակուիլ 2011 Ապրիլէն սկսեալ, երբ կազի սակագինը բարձրացաւ եւ Հայաստան շարունակեց կազ ստանալ հազար խոր. մեթրը 180 տոլարէն: Նախարարը բացատրած է, թէ երկար բանակցութիւններէ ետք, Հայաստան խոստացած էր այդ պարտքին կէսը (150 միլիոնը) վճարել «Հայռուսգազարդ»ի մնացեալ 20%-ն ալ զիջելով ռուսական կողմին, իսկ մնացեալն ալ Ռուսաստան ինք պիտի ջնջէր: Այդուհանդերձ, նախարարը դարձեալ ոչ մէկ բացատրութիւն տուած է, թէ մինչ սպառողները կանոնաւորաբար կը վճարեն իրենց հաշուեցոյցերը, ինչո՛ւ տեղեակ չեն պահուած կուտակուող այդ պարտքէն: Մովսիսեան գոհացած է ըսելով, թէ իրենք երբեք ոչինչ չեն քօղարկած եւ թէ այդ պարտքը կրնար աւելի մեծ ըլլալ: Նախարարը նաեւ չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ եթէ տուեալ պահուն ռուսական կողմը «Հայռոսգազարդ»ի 80%ին տէրն էր, ուրեմն ինչո՞ւ ընդունած էր կիսել պարտքը, ինչո՞ւ Մոսկուա ընդունած էր վճարել Հայաստանի պարտքին կէսը… Այս ու նման այլ հարցումներէ ետք, նախարար Մովսիսեան ըսած է, թէ բանակցութիւնները կը մնան գաղտնի եւ ինք չի կրնար յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդել:
«Վէսթնիք Քավքազա» կը գրէ նաեւ, թէ դեռ կայ այլ բանավէճ մը: Ըստ նախկին վարչապետ Հրանտ Բագրատեանի՝ «Հայռուսգազարդ»ի ընդհանուր արժէքը առնուազն 1,2 միլիառ տոլար էր: Եւ եթէ անոր 20%ը հաշուելու ըլլանք, ձեռք կը ձգենք 240 միլիոն տոլար եւ ոչ թէ 150 միլիոն, որու դէմ զիջուած է 20%ը: Բագրատեան իշխանութիւններէն պահանջած է բացատրութիւն՝ ժողովուրդին պատկանող սեփականութեան մը վաճառքին վերաբերող այս ու այլ մանրամասնութիւններուն մասին:
«Վէսթնիք Քավքազա» կ’եզրափակէ գրելով, թէ այս բոլոր առեղծուածներուն պատճառը կարելի է բացատրել միայն քաղաքական դրդապատճառներով, ինչպէս Վահագն Խաչատրեան (ՀԱԿ) ալ դիտել տուած է: 2011էն 2013 ընտրութիւններու նախորդող շրջան էր, այդ պատճառով ալ կազի սակագինին յաւելումը գաղտնի պահուեցաւ ու միայն 2013 Մայիս 12ին, Երեւանի աւագանիին ալ ընտրութենէն ետք է, որ իշխանութիւնները յայտարարեցին զայն: