Մարզական լրագրողներու հանրապետական ֆետերասիոնի հարցման արդիւնքներով որոշուեցան 2013 թ. մրցաշրջանի 10 լաւագոյն մարզիկները:
Հարցման մասնակցեցան մարզական նիւթեր գրող 22 լրագրողներ: Անոնք Հայաստանի թիւ մէկ մարզիկ ճանչցան աշխարհի, Եւրոպայի ախոյեան, համաշխարհային ունիվերսիադայի արծաթէ մետալակիր Դաւիթ Սաֆարեանին: Ստորեւ կը ներկայացնենք 10 լաւագոյններու անուանացանկը:
1. ԴԱՒԻԹ ՍԱՖԱՐԵԱՆ ազատ ըմբշամարտ 220 միաւոր
2. ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ հ/հ ըմբշամարտ 187
3. ԱՐՍԷՆ ՋՈՒԼՖԱԼԱԿԵԱՆ հ /հ ըմբշամարտ 155
4. ՌՈՄԻԿ ԱՄՈՅԵԱՆ հ/հ ըմբշամարտ 119
5. ԱՇՈՏ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ սամբօ 109
6. ԱՐԹՈՒՐ ԴԱՒԹԵԱՆ սպ. մարմնամարզութիւն 88
7. ԱՐԱՄ ԱՒԱԳԵԱՆ բռնցքամարտ 75
8 . ՄԱՔՍԻՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ հ/հ ըմբշամարտ 52
9 . - 10. ՄՈՒՍԱ ՄՈՒՐԹԱԶԱԼԻԵՒ ազատ ըմբշամարտ 49
9 .-10. ԱՐԹՈՒՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ հ/հ ըմբշամարտ 49
Մարզական լրագրողները հարցաթերթիկներուն մէջ նշած են 9 մարզիկներու անուններ եւս. ճատրակիստներ Լիլիթ Մկրտչեան, Զաւէն Անդրիասեան, բռնցքամարտիկներ Արթուր Քիրաջեան, Հենրիկ Մոքոյեան, սամբիստներ Տիգրան Կիրակոսեան, Սոսէ Բալասանեան, Մաւրիկ Նասիբեան, Երջանիկ Կարապետեան եւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Վաչիկ Եղիազարեան:
Լաւագոյն խումբ ճանչցուեցաւ Եւրոպայի անհատական եւ խմբային առաջնութեան մէջ երրորդ տեղը գրաւած Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականը: