ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպական յանձնաժողովը «Արեւելեան գործընկերութեան համարկում եւ համագործակցութիւն» ծրագիրի ծիրին մէջ 87 միլիոն եւրօ լրացուցիչ նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին, Վրաստանին եւ Մոլտովայի:
Այս մասին գրած է Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական կայքը:
Յատկացուող ֆինանսաւորման ընդհանուր քանակը 87 միլիոն եւրօ է, որ պիտի բաշխուի երեք երկիրներու՝ Մոլտովայի պիտի յատկացուի 35 միլիոն եւրօ, Վրաստանին՝ 27 միլիոն եւրօ, իսկ Հայաստանին՝ 25 միլիոն եւրօ։
Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէն յայտարարած է. «Այս տարի երեք արեւելեան գործընկերները քաջալերուեցան՝ ժողովրդավարութեան վերափոխման իմաստով իրենց ջանքերուն եւ հիմնարար արժէքներուն հաւատարիմ ըլլալնուն համար: Յոյս ունինք, որ այս խումբը հետագային կ՛ընդարձակուի: Լրացուցիչ ֆինանսաւորում կը նշանակէ աւելի մեծ աջակցութիւն՝ ազգային բարեփոխումներուն եւ համատեղ նախագիծերուն, որոնք շատ յըստակ օգուտներ պիտի ունենան քաղաքացիներուն կեանքին մէջ»։
Եւրայանձնաժողովի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Վրաստանի մէջ ֆինանսական միջոցները պիտի տրամադրուին շուկայի կառավարման բարելաւման՝ լաւագոյնս ապահովելու կըրթութեան, որակաւորման եւ շուկայի պահանջներուն միջեւ կապը: Մոլտովայի մէջ անիկա պիտի յատկացուի գիւղական շրջաններուն մէջ տնտեսական կարելիութիւններու բարելաւման: Իսկ Հայաստանի մէջ լրացուցիչ ֆինանսական օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի փտածութեան դէմ պայքարին եւ քաղաքացիական ծառայութեան ոլորտին մէջ բարեփոխումներուն:
Եւրոպական յանձնաժողովը ընդգծած է, որ ընդլայնուած է Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան տրամադրուող ուղղակի աջակցութիւնը՝ ներառեալ «Արեւելեան գործընկերութեան համարկում եւ համագործակցութիւն» ծրագիրով նախատեսուող ֆինանսաւորմամբ: