ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները տարածաշրջանային այցելութեան ծիրէն ներս Երեւան կը գտնուին: Ժաք Ֆորին, Իգոր Բոբովին եւ Ճէյմս Ուորլիքին երէկ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը:

Հայաստանի նախագահի հետ հանդիպումը նախատեսուած էր երէկ ուշ երեկոյեան:
Միջնորդները յայտարարած են թէ շփման գծին վրայ լարուածութեան աճը կը խոչընդոտէ բանակցային գործընթացը։
«ենք հանդիպել ենք Ադրբեջանի պաշտպանության նախարարի հետ, ով ներկայացրել է տեղի ունեցածի վերաբերեալ իր վարկածը: Այստեղ Երեւանում հանդիպեցինք Հայաստանի պաշտպանության նախարարին, ով ներկայացրել է իր վարկածը, որոնք ամբողջովին չեն համընկնում: Այդուհանդերձ մենք շարունակում ենք աշխատել այս ուղղութեամբ»:

Աղմկալի ընդունելութիւն
ՀՅԴ Ուսանողական Միութեան անդամներուն կողմէ

Մինսքի խմբակի համանախագահնե- րուն դիրքորոշումին դէմ հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը, որ բողոքի ցոյց կատարեց արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմս Ուորլիքը եւ Ժաք Ֆորը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նա- խագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ դիմաւորուեցան «Ո՛չ կեղծաւոր քաղաքականութեան», «Ո՛չ երկակի չափանիշներուն» վանկարկումներով:
Ցոյցին մասնակիցները իրենց հետ բերած էին համանախագահներուն մայրենի լեզուներով (անգլերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն) թարգմանուած «Ո՛չ անարդար քաղաքականութեան, որ կը սատարէ Ատրպէյճա- նի նախայարձակումին» գրութեամբ պաստառներ:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապի կողմերը հաւասարապէս մեղադրելու համանախագահներու դիրքորոշումը կը նպաստէ ոչ թէ խաղաղութեան հոլովոյթին, այլ Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն: «Եկած ենք ըսելու, որ հաւասարութեան նշան չդնեն սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գործողութիւններուն միջեւ», ըսաւ ան:
ՀՅԴ երիտասարդականը նախապէս կոչ ուղղած էին քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու երիտասարդականներուն՝ միանալու իրենց բողոքի ցոյցին եւ միասնական դիրքորոշում արտայայտելու Մինսքի խմբակի համանախագահներու կեցուածքին վերաբերեալ: Սակայն երէկ որեւէ այլ կուսակցութեան ներկայացուցիչ անոնց չմիացաւ: