«Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութեան (ԲՀԿ) ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան «Կենտրոն» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ ինք եւ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը վարչապետէն եւ նոր կառավարութենէն նախ եւ առաջ կ’ակնկալեն նոր ծրագիր եւ նոր մօտեցում եւ թէ անոնք պէտք է կարենան ճիշդ գնահատել երկրին տնտեսութեան իրավիճակը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի համաձայն՝ եթէ Ալիեւը Նազարպաեւի միջոցով Ղարաբաղի հարցը բարձրացուցած է արդէն, ապա մենք պէտք է ոչ թէ հարցին խուսափողական պատասխաններ տանք, այլ ամբողջական հարցը դնենք օրակարգի վրայ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ 30 Մայիսին կայացած է սփիւռքի նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը:

Արցախի զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար Բակօ Սահակեանը պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ միատեղ, այցելութիւն մը տուին ռազմաճակատի հարաւային թեւը, եւ մարտական յենակէտին վրայ տեսակցութիւն ունեցան ծառայող երիտասարդներուն հետ:

Հայաստանի Հանարպետութեան քաղաքական անձերը բազմիցս յայտարարած են, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորն է՝ իր բոլոր բաղադրիչներով՝ թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ռազմական։