Արցախի զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար Բակօ Սահակեանը պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ միատեղ, այցելութիւն մը տուին ռազմաճակատի հարաւային թեւը, եւ մարտական յենակէտին վրայ տեսակցութիւն ունեցան ծառայող երիտասարդներուն հետ:

Այս առիթով ԼՂՀ նախագահը պետական պարգեւներ յանձնեց թշնամիի յարձակողական-հետախուզական ջոկատը ոչնչացուցած հայ քաջերուն:

ՀՀ ԶՈՒ Համաբանակային 16րդ Սպարտակիադա

Յունիս 2-ին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՀ ԶՈՒ Համաբանակային 16-րդ Սպարտակիադայի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ինչպես նաեւ հրաւիրուած բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ:
Տեղի ունեցաւ տողանցք, ապա ցուցադրական ելոյթներով հանդէս եկան ՀՀ պատուոյ պահակային վաշտի զինծառայողները:
Մրցումները պիտի աւարտին Յունիս 7-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտէն ներս, ուր տեղի պիտի ունենայ յաղթող լաւագոյն մարզիկներու եւ խումբերու պարգեւատրման արարողութիւն: