Հայաստանի Հանարպետութեան քաղաքական անձերը բազմիցս յայտարարած են, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորն է՝ իր բոլոր բաղադրիչներով՝ թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ռազմական։
Yerkir.am-ին ըսաւ ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան՝ անդրադառնալով Աստանայի մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան Բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ժամանակ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարբաեւի՝ Հայաստանի սահմաններուն վերաբերող յայտարարութեան:
Ըստ անոր՝ Նազարբաեւը իր յայտարարութեամբ, կասկածի տակ կը դնէ Եւրասիական տնտեսական միութեան ապագան:
Yerkir.am-ի դիտարկումով՝ երբ արդէն Նազարբաեւի յայտարարութենէն յայտնի կը դառնայ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան ոչ մասնակից Ատրպէյճանի տեսակէտը աւելի շատ կը յարգուի, քան մասնակից դառնալ փորձող Հայաստանի, ո՞րն է նման միջավայրին անդամակցելու նպատակայարմարութիւնը, չարժէ՞, որ Հայաստանը վերանայումներ ընէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը իրականացնելով, ԼՂՀ փոխվարչապետը պատասխանեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անկախ անկէ, թէ որ անվտանգութեան միջավայրին մէջ կը գործէ, պէտք է միշտ հաշուի առնէ այն հանգամանքը, որ ՀՀ-ն եղած է եւ պիտի մնայ ԼՂՀ-ի անվտանգութեան երաշխաւորը: «Այսինքն՝ ցանկացած համագործակցութիւն այլ երկրի հետ կառուցելիս, բարեկամ, թէ թշնամի երկրի հետ երկխօսելիս հիմքում պէտք է ունենայ թիւ մէկ մօտեցումը՝ թիւ մէկ ռազմավարութիւնը սա է՝ ՀՀ-ն ԼՂՀ-ի երաշխաւորն է»,- եզրափակեց Արթուր Աղաբեկեանը:
Սերժ Սարգսեանը Ծաղկաձորի մէջ յայտարարած էր,
թէ Նազարբաեւի ըսածը
«տհաճ էր, բայց դա որեւէ վնաս չի կարող մեզ տալ»
Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարբաեւը անցած շաբաթ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի ընդլայնուած նիստի ժամանակ յայտարարած էր, թէ Հայաստանը Եւրասիական միութեան պէտք է անդամակցի ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած սահմաններով, այսինքն՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի: Հայաստանի նախագահը այդ ժամանակ պարզապէս լռած էր։ Վերադառնալով Հայաստան՝ ան խախտեց լռութիւնը եւ յայտարարեց, որ Միութեան անդամակցելու ճանապարհին որեւէ խոչընդոտ չկայ եւ որ Լեռնային Ղարաբաղը Մաքսային Միութիւն պիտի չմտնէ։