«Սիանս Պօ Արմենիա» կրթական հաստատութեան առաջին շրջանաւարտները Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանէն ստացան իրենց վկայականները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած միջոցառման ընթացքին դեսպան Անրի Ռենոն նշեց, որ նշեալ կրթական ծրագիրը հայ-ֆրանսական համագործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն է, որը շարունակական պիտի ըլլայ։ «Բնականաբար, ես այդ համագործակցութեան հիմարկէքին ներկայ գտնուած եմ Փետրուարին։ Ես հասկցայ, որ այդ համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ, հետամուտ պիտի ըլլայ», ընդգծեց դեսպանը։
Կրթական ծրագրի աւարտական փաստաթուղթը ստացաւ եօթ շրջանաւարտ։
«Սիանս Պօ Արմենիա»ն հիմնադրուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման ակադեմիա» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան եւ «Էքս-ան-Փրովանսի Սիանս Պօ» քաղաքագիտութեան ինստիթութի համագործակցութեան արդիւնքով։ Այն կþառաջարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային ծառայողերուն, ինչպէս նաեւ ուսանողներուն հետազօտական ոլորտի լայն եւ բարենպաստ պայմաններ, համատեղ բարձրագոյն մասնագիտական հետբուհական կրթական ծրագրեր եւ լրացուցիչ, շարունակական կրթութիւն։
«Էքս-ան-Փրովանսի Սիանս Պօ» քաղաքագիտութեան ինստիթութը հիմնուած է 1872 թուականին։ Ինստիթութի առաքելութիւնը սկիզբէն եղած է եւ կը մնայ առաջատար ղեկավարներու պատրաստումը թէ՛ Ֆրանսայի Հանրապետութեան պետական համակարգի, թէ՛ մասնաւոր հատուածի համար։