ՀՀ Զինուած Ուժերու եւ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի հաղորդումներուն համաձայն, ղարաբաղա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծը եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը՝ կը շարունակեն լարուած մնալ:

Լիբանանի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամները արդէն 5րդ տարին է, որ ճամբար կը կազմակերպեն Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ: Հրազդանի եւ Աբովեանի մէջ սկսան գործել նոր ճամբարները:

Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակիցները անցնող շաբաթավերջին, յատուկ հանդիսութեամբ, Երեւանի մէջ փակումը կատարեցին հաւաքին, ապա մեկնեցան Արցախ։ 

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ համահայկական 10-րդ յոբելեանական բանակումի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդւարդ Նալբանդեան նշեց. «Խստագոյնս կը դատապարտենք վերջին օրերուն ընթացքին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական շփման գիծի եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ Պաքուի սադրիչ գործողութիւնները, որոնք մարդկային բազմաթիւ զոհերու եւ իրավիճակի կտրուկ սրումին պատճառ դարձան: