ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ համահայկական 10-րդ յոբելեանական բանակումի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները բանակումի խմբապետական կազմին եւ շրջաններու գլխաւոր պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Եռաբլուր, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ նահատակ Վարդան Բախշեանի, Վիգէն Զաքարեանի շիրիմներուն վրայ ու յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Արցախեան պատերազմի նահատակներու յիշատակին։
(Վերի լուսանկարին մէջ՝ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութեան յարգանքի տուրքը Եռաբլուր)
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի օրհնութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Տէր Անուշաւան եպս. Ժամկոչեանը:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը փոխանցեց ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը:
Ողջունելով բանակումի մասնակիցները՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի սկաուտներ, պատանիներ եւ աղջիկներ, սրտի անհուն
բերկրանքով ողջունում եմ ձեզ համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանում: Վստա՛հ եղեք, ձեր կողքին է հայոց պետութիւնը, ձեր աջակիցն ու մեծ բարեկամն է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: ՀՄԸՄ համահայկական բանակումը հայրենիքում անցկացնելն ազդակ է հայկական Սփիւռքի եւ Մայր Հայրենիքի միջեւ կապերն ամրապնդելու, մայրենի հողից նոր լիցքեր ստանալու եւ ձեր բնակութեան երկրներում հայանպաստ նոր ծրագրեր ու նոր գաղափարներ իրականացնելու համար:
Մաղթում եմ, որ մշտարթուն լինի ձեր մէջ մրցակցութեան ոգին: Սնուէք հայրենիքի կենարար ուժով, ձեր ներուժով ծառայէ՛ք հայրենիքին, նպաստէ՛ք նոր ու ապահով կեանքի կերտմանը» ըսաւ ՀՀ նախարարուհին:
Ելոյթ ունեցան ՀՀ սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը, Հ.Յ.Դ. Երեւանի քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Բագրատ Եսայեանը եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Յայտնենք թէ երէկ Կիրակի 3 Օգոստոսին ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս կնքուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՄԸՄի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր: Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդի-պումով մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարար Հրանուշ Յակոբեան, նախարարութեան տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատու դէմքեր եւ ՀՄԸՄ-ական բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ Կեդրոնական վարչութեան ինը անդամներէ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրէն:
Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ ազգային հրատապ հարցերու քննարկում-զրոյց: