Հայաստան ՄԱԿ-ի Մէջ Արծարծեց Եզիտիներու Հարցը Եւ Ատրպէյճանական Յարձակումը

Հայաստանի մէջ կ'ապրի 50.000 մարդ հաշուող եզիտիներու համայնք

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ 21 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ «տագնապներու կանխարգիլում. միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանում» նիւթով բաց քննարկում, որուն մասնակցեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատար Նաւի Փիլայ, ինչպէս նաեւ շուրջ վեց տասնեակ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ:

10 օրեր Արագածի լանջերուն՝ Բիւրականի մէջ բանակելէ ետք, 9 Օգոստոսին Համա-ՀՄԸՄ-ական 10րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին։ Աւելի քան 750 բանակողներ 10 անմոռանալի օրեր անցուցին հայրենիքի մէջ՝ հաղորդուելով հայրենի օդով եւ ջուրով ու իրենց կառչածութիւնն ու հարազատութիւնը ամրապնդելով հայրենիքին հանդէպ։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան անցնող շաբաթավերջին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին:

Օգոստոսի 5-ին Գ.Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 2-րդ փառատօնի խմբերգային արուեստի օրերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Այվազովսքիի Երեւանեան յուշարձանը կանգնած է առանց վրձինի: Այս հարցը պարբերաբար քննարկուած է զանազան անձերու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ: Նոյն նիւթով մտահոգ էր եւ լրջօրէն կը պայքարէր նաեւ լուսահոգի դերասան Ազատ Գասպարեան: Սակայն