ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը Յուլիս 29-ին ընդունեց Անգլիայի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) երիտասարդական պատուիրակութեան անդամները:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութենէն, ողջունելով հանդիպման մասնակիցները՝ խորհրդարանի ղեկավարը կարեւորեց Սփիւռքի կազմակերպութիւններու երիտասարդական խումբերու այցելութիւնները Արցախ, նշելով, թէ այդպէս հնարաւորութիւն կը ստեղծուի ամրապնդելու կապերը հայրենիքի հետ:
Ապա Ազգային ժողովի նախագահը ներկայացուց Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային, մասնաւորապէս անվտանգային գործընթացներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ունեցած դերի, անոր հանրային-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական կեանքի, Արցախի մէջ իրականացուող համահայկական ծրագրերու, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ միջազգային ճանաչման գործընթացի հարցերը:
Հանդիպման վերջաւորութեան Աշոտ Ղուլեանը պատասխանեց երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները յուզող հարցումներուն: