Տեղի ունեցած է ԼՂՀ հռչակման 23-րդ տարեդարձի տօնական ձեռնարկներու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովի առաջին նիստը, որ վարած է յանձնաժողովի նախագահ, ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը:

ԼՂՀ Գանձասարի վանական համալիրի մէջ կը բացուի հայկական հնագոյն ձեռագրերու ինստիտուտի՝ Մատենադարանի մասնաճիւղը:

Յառաջիկային Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն համար պիտի կազմակերպուին պաշտպանութեան յատուկ դասընթացքներ, որոնց ընթացքին գիւղացիներուն պիտի սորվեցնեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, օրինակ, կրակոցներու ժամանակ: Նախաձեռնութիւնը արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեանն է:

Հայաստանի Գործատուներու հանրապետական միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանը կ'ակնկալէ, որ Ռուսաստանի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի Սեպտեմբերին սպասուող այցելութեան օրակարգին մէջ կÿըլլան նաեւ ներդրումային ծրագրերու վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ Մետվետեւի այցելութեան մասին լուրը հաստատած է նաեւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը:

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող Նանճինկ-2014ի պատանեկան ծանրաբարձութեան ողիմպիական խաղերուն Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ ոսկի մետալին, կը յայտնէ ArmSport.am: