Ինչպէս կը տեղեկանանք Արցախեան մամուլէն, ԼՂՀ տարբեր շրջաններէ վեթերաններ կը մեկնին առաջին գիծ, իրենց ներկայութեամբ ու փորձառութեամբ զօրացնելու համար մեր դիրքապահները:

Հայկական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Սոչի կատարելիք այցելութեան ծիրէն ներս մասնակցիլ նաեւ եռակողմ հանդիպման՝ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերու պատգամաւորական խմբակցութիւնները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ արձանագրուած միջադէպերուն մասին:

Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրի 6-րդ փուլի բացման արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէր աշխարհի 15 երկիրէ 182 մասնակից, ինչպէս նաեւ՝ 48-ը Թուրքիայէն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը Օգոստոս 6-ին ՊՆ վարչական համալիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: