- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայ գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի ծննդավայր Կողբ գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ անոր անունը կրող պուրակին եւ յուշարձան-աղբիւրին: Ներկայ էին Անանեանի գրչակից ընկերները, անուանի մտաւորականներ, գրողի արուեստի երկըրպագուներ եւ անոր բազում հայրենակիցներ:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստան գտնուող Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Պրեթ Պաթ, Լէոն Պենուա եւ Ռաս Հայպըրթ, նաեւ «Մէկ ազատ աշխարհ» կազմակերպութեան նախագահ Մեժիտ Շաֆի 25-26 օգոստոսին պաշտօնական այցելութիւններ տուին, նաեւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Եզիտիներուն օգնելու նպատակով Հայաստանի մէջ հանգանակուած գումարը Իրաքի եզիտիներուն փոխանցելու համար, խումբ մը եզիտիներ այսօր կը մեկնին Իրաքի թրքական սահմանի եզիտիական գիւղեր:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
«Նիուզմէյլ.ռու».- Ռուսիոյ, Պելառուսի եւ Ղազախստանի նախագահներու հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ ըսած է, թէ Հոկտեմբեր 10ին Մինսկի մէջ պիտի կատարուին բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին կրնայ յստականալ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հարցը։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ԱՓԱ-ի թղթակից Անխանում Հիտայաթովա կը յայտնէ, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Վրաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպաններու եւ Թուրքիոյ մէջ Բրիտանիոյ գլխաւոր հիւպատոսի հանդիպումը: