Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած է «Օսմանեան կայսրութիւնում պոնտոսի-յոյներու, ասորիներու, եզիտիներու եւ այլ ազգերու ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերու թղթածրարը:

Այս հարցը ընդգրկուած է կառավարութեան 23 Հոկտեմբերի օրակարգին վրայ: «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը նպատակայարմար է համարում ներկայացուած առաջարկութեան փոխարէն Դեկտեմբերի 9ը յայտարարել բոլոր Ցեղասպանութիւնների զոհերի յիշատակման օր՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխման եւ պատժման» կոնվենցիան ՄԱԿը ընդունել է 1948 թուականի Դեկտեմբերի 9ին: Ելնելով շարադրուածից, Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացուցած օ- րէնսդրական նախաձեռնութիւնն ընդունելի կը համարի իր կողմից ներկայացուած առաջարկութեան ընդունման դէպքում», նշուած է թղթածրարին վերաբերեալ գործադիրի եզրակացութեան մէջ: