Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սօսի Ղազարեան-Գէոնեանի խմբագրութեամբ իր պապ Հայկ Ղազարեանի յուշագրութեան՝ «Կեսարիոյ նախճիրները» խորագրով գիրքի շնորհանդէսը:

Սօսի Ղազարեան-Գէոնեանի պապը՝ սուրիահայ գրող, հրապարակախօս, լրագրող Հայկ Ղազարեան իր զաւակներուն պատմած է եւ մասամբ ալ գրի առած է 1915-1922թթ. Կեսարիոյ մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան եւ հայերու գաղթի վերաբերեալ իր յիշողութիւնները:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան բարձր գնահատեց գիրքի լոյս ընծայումը՝ նշելով. «Մեր Դատի, մեր ցաւի, մեր ճիչի մասին է այս գիրքը: Շնորհակալ եմ, սիրելի՛ Սօսի, որ կրելով հայ կնոջ ճակատագիրը, դեգերելով երկրէ երկիր, ի վերջոյ որոշեցիր հաստատուել Հայրենիքում եւ այսօր արդէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներին ներկայացնում ես աղբիւրագիտական նշանակութիւն ունեցող քո մեծ հօր յուշագրութիւնը: Այսօր մենք գրեթէ չունենք վերապրողներ, բայց ունենք վերապրողների ընտանիքներ եւ պարտաւոր ենք հաւաքել, ամբողջացնել բոլոր յուշագրութիւններն ու բանաւոր զրոյցները 20-րդ դարասկիզբի մեծ ոճիրի մասին», - ընդգծեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը՝ աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդին համար կարեւոր զէնքերէն մէկը պատմական յիշողութիւններն են, որոնք անհրաժեշտ է թարգմանաբար ներկայացնել այլ երկրներուն:
Բարձր գնահատելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բարեգործական, հասարակական գործունէութիւնը եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ծիրէն ներս ունեցած աւանդը՝ նախարար Հրանուշ Յակոբեան Սօսի Ղազարեան-Գէոնեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» մետալով:
Այնուհետեւ «Կեսարիոյ նախճիրները» գրքի պատմական արժէքի մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը: Ան նշեց. «Հայկ Ղազարեանի յուշերն ընթերցելիս եւս մէկ անգամ տեսանելի է դառնում, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիայի պետական իշխանութիւնների կողմից ծրագրուած եւ հետեւողականօրէն իրականացած ծրագիր էր»: