Նոյեմբեր 11-ին «CISCO SYSTEMS» ընկերութեան զարգացման գծով նախագահ, ՀՀ Նախագահի համաշխարհային ՏՏ մրցանակի 2014թ. դափնեկիր Մարիօ Մացցոլան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Մարիօ Մացցոլան եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղեցին Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը:
Մարիօ Մացցոլան եղաւ նաեւ Յիշողութեան պուրակին մէջ, ուր տնկեց արծաթափայլ եղեւնի:
Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահը, ծանօթացաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ժամանակաւոր ցուցադրութեան հետ: