«Ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ վիճակը չի կրնար երկար տեւել: Կը ցանկանանք, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հնարաւորին չափ շուտ գտնեն երկուստէք ընդունելի լուծում, որ նաեւ համապատասխանէ հակամարտող երկիրներու ժողովուրդներու ցանկութեան”

,- ըստ panorama.am- ի՝ այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-ֆրանսուա Շարպանթիէն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կարծիք ունի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:

Նախքան հարցին պատասխանելը ան ըսաւ, որ իր կարծիքը չի կրնար տալ, այլ ինքը պարզապէս կրնայ ներկայացնել Ֆրանսայի դիրքորոշումը:
Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, դեսպանը ըսաւ, որ Ֆրանսան ամէն ինչ կ’ընէ, որ այդ յարաբերութիւնները կարգաւորուին:
Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան ըսաւ, որ Ֆրանսայի գործադիր իշխանութիւնը, առաջին հերթին արդարադատութեան նախարարութիւնը, աշխատանքներ կը տանին նոր օրինագիծի մւ մշակման ուղղութեամբ, սակայն յստակ ժամկէտներ չնշեց, թէ երբ օրինագիծը կը մտնէ խորհրդարան: