Աթէնքի դատական համալիրին առջեւ հաւաք կազմակերպեցին ՓԱՄԷի անդամներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով 35 ձերբակալուածներուն հանդէպ, որոնք կը դիմագրաւեն հանրային պատկանելիութեան իրերու փճացման եւ խաղաղութեան խանգարման ամբաստանութիւններ:

Համատարած գործադուլի դիմած են այսօր Յունաստանի տարբեր բնագաւառներու աշխատողները: Գործադուլին կը մասնակցին հանրային սպասարկութեանց պաշտօնեաները, փոխադրամիջոցներու, հիւանդանոցներու, նաւահանգիստներու, ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաները, ինչպէս եւ հողագործներու միութեանց անդամները:

Special Olympics ողիմպիական ձմեռնային մարզախաղերու առիթով ջահագնացութիւն կը կազմակերպուի այսօր Հինգշաբթի, Աթէնքի կեդրոնական մայրուղիներէն ներս: Հիւսիսային Քորէայի Փիոնկ Եանկի մէջ Յունուար 29էն մինչեւ Փետրուար 5, 2013ին կայանալիք 10րդ ողիմպիական մրցումներուն ուղարկուելու համար՝ «յոյսի ջահը» այսօր առաւօտեան ժամերուն կÿանցնի Աթէնքի կեդրոնէն:

Հելլէն խորհրդարանը վաւերացուց իմամներու նշանակման առընչուող օրինագիծը
Ռոտոփիի երեսփոխանը  կը սպառնայ անջատման քայլի դիմել

Քննարկումներու առարկայ դարձաւ երկար ժամանակէ ի վեր վէճերու առիթ տուած օրինագիծը, որ կը նախատեսէ Յունաստանի մահմետական փոքրամասնութեան դպրոցներուն մէջ ծառայող կրօնքի դասատու հոգեւորականներուն  ¥իմամներու¤ նշանակման իրաւասութիւնը վերապահել հելլէն

Յունաստանի  կառավարութիւնը երեք  կարեւոր  հարցեր կը  դիմագրաւէ

Երեք կարեւոր հարցերու եւ երեք անուններու շուրջ քուէատուփի վճիռ արձակելու հարկադրանքին առջեւ կանգնած է Յունաստանի կառավարութիւնը, փորձելով դասաւորել Լակարտի ցուցակի յայտնաբերման հետեւանքները