Աթէնքի դատական համալիրին առջեւ հաւաք կազմակերպեցին ՓԱՄԷի անդամներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով 35 ձերբակալուածներուն հանդէպ, որոնք կը դիմագրաւեն հանրային պատկանելիութեան իրերու փճացման եւ խաղաղութեան խանգարման ամբաստանութիւններ:

Ձերբակալութիւնները կատարուեցան երբ ոստիկանութիւնը ուզեց կանխել շուրջ երեք տասնեակ ցուցարարներու մուտքը աշխատանքի նախարարութեան շէնքէն ներս: Ցուցարարները կ'ամբաստանուին թէ մուտք գործեցին նախարար Ե. Վրուցիսի գրասենեակը, ուր կոտրեցին  դուռերը եւ գոյքերը: Բուռն հակառակութիւն ծայր առած է կառավարութեան եւ Համայնավար կուսակցութեան միջեւ, նախարարի ամբաստանութիւններէն ետք, որ ըսած է թէ ՓԱՄԷի սենտիքաներու ղեկավարները յանցաւոր  են նախարարութեան դէմ յարձակման գծով: