Համատարած գործադուլի դիմած են այսօր Յունաստանի տարբեր բնագաւառներու աշխատողները: Գործադուլին կը մասնակցին հանրային սպասարկութեանց պաշտօնեաները, փոխադրամիջոցներու, հիւանդանոցներու, նաւահանգիստներու, ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաները, ինչպէս եւ հողագործներու միութեանց անդամները:

Ցոյցեր տեղի կ'ունենան Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակի, Փիրէայի երկաթագիծի կայարանին, Էլէֆսինայի նաւահանգիստի առջեւ: Աթէնք պիտի տեղափոխուին Իէրափեթրայի հիւանդանոցի աշխատակիցները, որոնք պիտի միանան ցուցարարներուն, բողոքելով Իէրափեթրայի հիւանդանոցի փակման դէմ:

Հողագործները եւս որոշած են հաւաքուիլ Օրխոմենոսի շրջանէն ներս, իրենց թրաքթէօրներով շարժելով կեդրոնական մայրուղիներուն վրայ:

Ճգնաժամը պիտի շարունակուի 2014ին

Հետզհետէ աւելի յաճախակի կը դառնան յոռետես մօտեցումները Յունաստանի տնտեսութեան ապագայի նկատմամբ: Օտար մամուլին մէջ դարձեալ յաճախակի դարձած են հրապարակումները, որ դիտել կուտան թէ հակառակ կառավարութեան գործադրած ջանքերուն եւ «արհեստական» խանդավառութեան, ճգնաժամը պիտի չնուազի, այլ բացասական իր հետեւանքները պիտի շարունակէ ունենալ 2014ին ընթացքին:

«Մուտիս» ընկերութեան կողմէ զեկոյց մը տրուած է հանրութեան, ուր նախազգուշացում կը կատարուի Յունաստանի սնանկացած տնտեսութեան կապակցութեամբ, բոլորովին հերքելով նախարար Եանիս Սթուրնարասի դիրքերը, երբ կը պնդէ թէ 2013ը ճգնաժամի վերջին տարին պիտի հանդիսանայ: