Թրքական «զօրաշարժն» ու սպառնալիքները անտեսելով Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժերը՝ նախագահ Սարքոզիի կուսակցութիւնը եւ ընդդիմադիր ընկերվարականները, կը հաւաստիացնեն թէ հաստատ կը մնան իրենց որոշումին եւ կողմ պիտի քուէարկեն բանաձեւին։


Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս այսօր սկսող Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող բանաձեւի քննարկումի լոյսին տակ, Շաբաթ օր Փարիզի մէջ համախմբուեցան Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի մէջ ապրող թուրքերը՝ «զօրաշարժի» ենթարկելով իրենց ուժերը։ Ցոյցերու նպատակն էր վերջին բազմամարդ ճիգերը գործադրել՝ Ֆրանսացի պատգամաւորներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար։ Շուրջ 500 հանրակառքով փոխադրուեցան ցուցարարները Գերմանիայէն, Հոլանտայէն, Անգլիայէն եւ Պելճիքայէն։ Կազմակերպիչները յայտարարեցին թէ 35.000 մարդ հաւաքուած էր, բայց ոստիկանութեան տուեալներուն համաձայն ցուցարարներու թիւը 15.000ի մօտ էր։ Ցուցարարները կը կրէին Թուրքիոյ, Ալճէրիոյ, Ատրպէյճանի դրօշակները ու պարզած էին Սարքոզիի դէմ լոզունգներ կրող պաստառներ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու
յետաձգեց Պրիւքսել կատարելիք  ճամբորդութիւնը, յայտնելով թէ կ'ուզէ Թուրքիա մնալ, մինչեւ Ծերակոյտի որոշման կայացումը։

Ահմետ Տաւութօղլուի ճամբորդութիւնը ծրագրուած էր նախապէս:
Ան ներկայ պիտի գտնուէր Իրանի եւ Սուրիոյ քաղաքական իրավիճակը քննող Եւրոպական Միութեան խորհրդաժողովին։

 Նշենք, որ նախապէս, նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նամակ մը յղած է՝ պատասխանելով բանաձեւին մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Սարքոզի գրած է, թէ «այդ օրէնքը պէտք չէ դառնայ երկու երկիրներուն միջեւ պատմական կապերու խաթարման պատճառ»:
Ֆրանսայի նախագահը նշած է, որ օրէնքին նպատակը ֆրանսական հասարակութեան մէջ երկար ժամանակ առկայ հերքումի զգացողութիւնը վերցնելն ու 100 տարի շարունակուող վէրքերը բուժելն է:
«Գիտեմ, որ պատմութեան հետ առերեսուիլը դիւրին չէ: Բայց Ֆրանսան դժուար խոստովանութեան իր պարտքը կատարեց: Ընդունեց ստրուկներու առեւտուրին մէջ ունեցած պատասխանատուութիւնը եւ ճանչցաւ գերմանական բռնագրաւման ընթացքին Ֆրանսա բնակող հրեաներուն ճամբարներ ուղարկելու գործին մէջ ունեցած իր դերը: Ես՝ անձնապէս, 2007ին Ալճերիոյ մէջ ունեցած ելոյթիս ընթացքին խօսած եմ Ալճերիոյ մէջ ֆրանսական գաղութատիրութեան կոյր գազանութեան եւ ալճերիացի ժողովուրդի աննկարագրելի ցաւերուն մասին, եւ դատապարտած եմ զայն: Թուրքիան մեծ երկիր է եւ Ֆրանսայի համար կարեւոր դաշնակից: Որպէս երկու բարեկամ եւ դաշնակից երկիրներ, կը փափաքիմ, որ գերիշխէ մեզի վայել խոհեմութիւնը: Կ՛ուզեմ իմանաք, որ այս օրինագիծին հետ կապուած հնարաւոր ծայրայեղ քայլերու եւ երկու երկիրներուն միջեւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու վնասուելուն պարագային, հետեւանքները ծանր եւ լուրջ պիտի ըլլան, իսկ պատասխանատուն պիտի ըլլայ անոնց ձեռնարկողը», նամակին մէջ նշած է Ֆրանսայի նախագահը:
Սակայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, Ուրբաթ, Յունուար 20ին յայտարարեց, թէ Անգարա բաւարարուած չէ Սարքոզիի նամակով՝ աւելցնելով, թէ բանաձեւին վաւերացումը սպի մը պիտի ձգէ Ֆրանսայի պատմութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժան Փիեռ Պել յայտնեց, թէ օրինագիծը «յիշողութեան օրէնք չէ»՝ աւելցնելով, որ նեցուկ պիտի կանգնի բանաձեւին, որովհետեւ ինքը կը պատկանի «քաղաքական ուժի մը, որ որոշած է պաշտպանել այդ օրինագիծը»: Ան նախապէս յայտնած էր, թէ համաձայն չէ, որ բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ քննուի: «Քննարկման ընթացքին մենք կ՛արտայայտենք մեր կարծիքները, եւ ես՝ իմը յայտնած եմ: Սակայն, հիմա արդէն ընտրութեան պահն է, եւ ես կրկին կատարած եմ իմ ընտրութիւնը», յստակացուցած է ան:
Աւանդաբար Ծերակոյտի նախագահը չի մասնակցիր քուէարկութեան, սակայն իրաւունք ունի մասնակցելու, եթէ փափաքի:

 

Թուրքիա Կ՛ողջունէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Հակասահմանադրական Նկատող Քայլը

Թուրքիա ողջունեց Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւը հակասահմանադրական նկատող Ֆրանսայի Ծերակոյտի իրաւական հարցերու յանձնախումբին որոշումը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու այս մասին յայտարարութիւն մը ըրաւ եւ ըսաւ, թէ այս նոր պատկերը յստակ գաղափար մը չի տար անշուշտ, որ յառաջիկայ օրերուն օրէնքը քննարկումի պիտի դրուի թէ ոչ, բայց այսքանն իսկ ցոյց կու տայ, որ այսպիսի օրէնք մը որքա՛ն անարդար է եւ որքա՛ն կը հակասէ դատական սկզբունքներուն՝ ֆրանսական օրէնքներուն համաձայն իսկ:
«Կը յուսանք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մօտ ողջմտութիւնը կը յաղթանակէ եւ այս օրէնքը օրակարգի իսկ չի բերուիր, ու Եւրոպայի արժէքներուն համաձայն՝ անիկա օրակարգէն դուրս կը հանուի վերջնականապէս», նշեց Տաւութօղլու՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր շփումները, որպէսզի օրինագիծը մերժուի:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կրկին զգուշացուց Ֆրանսան, թէ օրինագիծին վաւերացումը թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն ծանր հարուած մը պիտի հասցնէ:
Կիւլ պնդեց, թէ հայկական օրինագիծին շուրջ կատարուող իրադարձութիւնները չեն համապատասխաներ Ֆրանսայի ժողովրդավարութեան: «Ծերակուտական- ները ինչպէ՞ս կրնան քուէարկել Իրաւական յանձնաժողովին կողմէ «սահմանադրութեան հակասող» բնութագրուած օրինագիծին ի նպաստ: Յոյսով եմ, որ անոնք նման սխալ քայլեր չեն առներ», յայտարարեց Կիւլ:
Նաեւ, Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու յայտարարեց, թէ «գիշեր-ցերեկ» պիտի շարունակէ աշխատիլ նշեալ օրինագիծին վաւերացման դէմ՝ գոհունակութիւն յայտնելով ծերակուտական յանձնախումբի որոշումին առթիւ, զայն օրինագիծը մերժելու ուղղութեամբ կատարուած «դրական փոքրիկ քայլ» մը համարելով: