ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական  հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան  յայտնեց, թէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին քննարկումը եւ քուէարկութիւնը պիտի կայանայ Յունուար 23ին։


«Անցնող 20 տարիներուն ընթացին Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր խնդիրներով Թուրքիա իր դեսպանը բազմիցս տուն կանչած է՝ խորհրդակցութեան: Այժմ իրենք կÿարդարացնեն, որ դեսպանը վերադարձած է, որ աշխատանք տանի, որպէսզի Ծերակոյտը չորդեգրէ օրինագիծը, բայց նոյնն է՝ որդեգրելէ ետք կրկին պիտի կանչեն, բայց ի վերջոյ պիտի ուղարկեն, որովհետեւ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները միայն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով չէ պայմանաւորուած», նշեց Մանոյեան:
ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական  հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին համաձայն, հաւանականութիւնը մեծ է, որ օրինագիծը ընդունուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ: