Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկումը եւ քուէարկութիւնը պիտի կայանայ Յունուար 23-ին։ Այդ մասին այսօր առաւօտեան յայտնեց խորհրդարանի հետ կապերու նախարար Փաթրիկ Օլիյէն, ամփոփ պատմական մըն ալ
կատարելով հարցի մասին: Ան նշեց որ Դեկտեմբեր 22ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովէն ներս հաւանութեան արժացաւ նախագիծը եւ կառավարութիւնը պարտաւոր է ծերակուտականներու դատին յանձնելու հետագայ քննարկումը: Նախարարը նշած է նաեւ, որ նախագիծի շուրջ կուսակցութիւններու համախոհութիւն կայ։
Թուրքիոյ դեսպանը արդէն ետ վերադարձած է Փարիզ
Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի քուէարկութենէն յետոյ, Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճիօղլու Անգարա մեկնած էր:
Պուրճիօղլու Կիրակի օր Փարիզ վերադարձաւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրման դէմ աշխատանք կատարելու համար:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի մտադիր է եւրոպական բոլոր երկիրներուն առաջարկել քրէականացնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:
Թրքական օրաթերթը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը գրէ, որ Սարքոզի առաջարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին սկզբունքային համաձայնագիր ստորագրել Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն միջեւ:
«Հիւրրիյէթ» կը յիշեցնէ, որ Եւրոպական Միութեան արդարադատութեան եւ ներքին գործերու խորհուրդը 2007-ին որդեգրած էր «ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան դէմ պայքար»-ի մասին սկզբունքային որոշում մը, որ պատիժ կը սահմանէ նաեւ հրեաներու ցեղասպանութիւնը՝ Ողջակիզումը ժխտելուն դէմ:
«Ֆրանսա հիմա ալ մտադիր է Եւրոպական Միութեան օրակարգին մէջ ներառել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու հարցը», կը գրէ օրաթերթը: