Կիրակի, Յունիս 1ին, կ.ե. ժամը 3էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9, ուղղակի պատկերասփռուած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին ի նպաստ թելեթոնին ընթացքին, կարելի եղաւ աւելի քան 2 միլիոն տոլարի (2,021,763) նուիրատուութեան խոստումներ ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր թափով շարունակել Հայ Դատի պաշտպանութիւնը՝ տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու վրայ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նկատմամբ ժողովրդային զօրակցութեան աննախընթաց ցուցանիշով մը, տասնեակ հազարաւոր հայեր՝ Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ, իրենց օժանդակութիւնը խոստացան պատկերասփռուած յայտագիրին ընթացքին, ուր լուսարձակի տակ առնուեցան վերջին երկու տարիներուն Հայ Դատի իրա-գործումները, ինչպէս նաեւ՝ տարուելիք աշխատանքները:
Այս տար- ւան թելեթոնին, յատուկ զարկ տրուեցաւ համացանցային ընկերային ցանցերու՝ «Facebook»ի, «Instagram»ի, «Twitter»ի միջոցաւ քարոզչութեան, ինչպէս նաեւ «#goANCA» խորհրդանիշով լուսանկարներու արշաւը մեծ ուշադրութիւն կրցաւ գրաւել:
Նախքան թելեթոնը, արդէն իսկ շարք մը հաւաքոյթներ կազմակերպուեցան եւ վարժարաններէ ներս յատուկ նախաձեռնութիւններ իրականացուեցան, թելեթոնին առաւելագոյն աջակցութիւն ապահովելու նպատակով:
Բազմաթիւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, կամաւորներ, եկեղեցիներ, համայնքային ղեկավարներ, Հայ Դատի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, քոնկրեսականներ եւ նահանգային խորհրդարանի անդամներ մասնակցեցան դրամահաւաքին՝ նպաստելով անոր յաջողութեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամը նեցուկ կը կանգնի կրթական, երիտասարդական ու քաղաքացիական շարք մը ծրագիրներու՝ գլխաւոր նպատակ ունենալով ազդու կերպով տարածել ամերիկահայութեան ձայնն ու տեսակէտները՝ զօրացնելով ամերիկեան քաղաքացիական կեանքին մէջ հայութեան ներկայութիւնը, միաժամանակ դէմ դնելով հայ ազգի շահերուն դէմ գործող ուժերուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի հիմնադրամին ի նպաստ պատկերասփիւռային նախկին դրամահաւաքները կատարուած էին 2006ին, 2009ին ու 2012ին՝ հանգանակելով աւելի քան 6.5 միլիոն տոլար գումար մը՝ ի նպաստ Հայ Դատի աշխատանքներուն: