Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Պարոն Աշոտ Ղուլեան այցելեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Պելճիքայի ՀՅԴ կոմիտէութեան, Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, Երիտասարդական միութեան եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի ներկայացուցիչներու հետ:

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ 14 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Աննա Աստուածատրեան-Թուրքոթի գիրքի ներկայացումը, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպումով:
Աննա Աստուածատրեան-Թուրքոթի գիրքը նուիրուած է 1988-1991 թուականներուն Ատրպէյճանի հայաշատ քաղաքներուն մէջ

Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ուշադրութիւն դարձնելու սուրիական ճգնաժամին Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ խաղերուն:

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովէն ներս
Ղարաբաղի մասին 
բանաձեւի նախագիծի գծով

Հինգշաբթի 18 Սեպտեմբերի կ.ետք ժամը 1ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդի Քաղաքական հարցերու յաձնաժողովի նախագահ, Յունաստանի խորհրդարանի անդամ Տորա Պաքոեանիի հետ, Աթէնքի իր գրասենեակէն ներս:

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքներու ծիրէն ներս, յոյն երեսփոխան Տորա Պաքոեանի բանաձեւ մը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առընչուած: