Շար.)
Սելանիկի մէջ կան երկու խումբեր, «Դանիէլ Վարուժան» եւ պատանիներու «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբերը։ Անդամներուն թիւն է 40։ Գոմոթինիի մէջ, ուր հազիւ 45 ընտանիք հայ կայ, կը գործէ նորակազմ խումբ մը «Արամ Արամեան» անունով։

Հիւս. Յունաստանի հեռաւոր հին շէն գաղութներուն մէջ մնացած հայութիւնը, հակառակ իր քանակի նուազութեան, ունի սակայն ազգային ոգիով սնած կենսունակ տարր մը, ուր կը գործեն Թաղային Մարմինները, Հայ Գթութեան Խաչը եւ տարիէ մը ի վեր կազմուած Գոմոթինիի հայ Երիտասարդաց միութիւնը։

Ինչպէս մէկ քանի տարիէ ի վեր, այս տարի  եւս, Զաւարեանի մէջ, Մարտ 9-ին, Ուրբաթ օր, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութիւնը կազմակերպած էր Մանկական պարահանդէսը, որ արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։

Վաղամեռիկ բանաստեղծ Վ. Տէրեանի տունը՝  վերածուած է թանգարանի, կը գտնուի Վրաստանի Ախալքալաքի շրջանի Գանձա գիւղին մէջ, որ պատմական Հայաստանի զուտ հայաբնակ շրջաններէն մէկն է։

Լուրջ եւ տպաւորիչ յուշահանդէս մը կազմակերպած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութիւնը, Մարտ 7-ին, Աթէնքի հելլէնեւամերիկեան կրթական հաստատութեան սրահին մէջ։