Հիւս. Յունաստանի հեռաւոր հին շէն գաղութներուն մէջ մնացած հայութիւնը, հակառակ իր քանակի նուազութեան, ունի սակայն ազգային ոգիով սնած կենսունակ տարր մը, ուր կը գործեն Թաղային Մարմինները, Հայ Գթութեան Խաչը եւ տարիէ մը ի վեր կազմուած Գոմոթինիի հայ Երիտասարդաց միութիւնը։
Ասոնցմէ առաջինը, Թաղային խորհուրդները ամէն ճիգ կը թափեն շէն պահելու համար իրենց եկեղեցիները, ունին իրենց հոգեւոր հովիւը, Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեանը, որ ամէն դժուարութիւնները յաղթահարելով կը հասնի իւրաքանչիւր գաղութի կրօնական կարիքներուն։ Երկրորդը՝ Գավալայի, Գոմոթինիի եւ Ալեքսանդրուպոլիսի Հ. Գթ. Խաչի մասնաճիւղերն են որոնք իրենց միացուցած են իրենց մօտակայ գաղութները՝ Քսանթի, Տիմոթիքա, եւայլն։ Այս քոյր մասնաճիւղերը օգնութեան կը հասնին տեղւոյն չքաւորներուն, հիւանդներուն, կը կազմակերպեն գրական-գեղարուեստական հանդէսներ եւ տեղւոյն հայ մանուկներուն հայերէն այբուբենը ճանչցնելու համար կ'ընեն ամէն զոհողութիւն։ Փետրուարի մէջ, Գավալա-Գոմոթինի-Ալեքսանդրուպոլիսի Հ. Գթ. Խաչի քոյր մասնաճիւղերը միասնաբար տօնեցին ՀՕՄ-ի Օրը Գոմոթնիի նախկին Ազգ. վարժարանի սրահին մէջ։ Հանդէսին նախագահեց պ. Գ. Ապաճեան։ Յայտագրին մաս կազմեցին կենդանի պատկեր, արտասանութիւն, երգ, փոքր ողբերգութիւն մը «Արիւնոտ Թթխմորը» եւ զաւեշտ մը «Գաւաթ մը թէյ»։ Դերակատարները բոլորն ալ յաջող էին իրենց դերերուն մէջ։ Գովասանքի արժանի էր օր. Տիգրանուհի Կիւմիւշեանը, իր արտասանած «Իմ հայրենի աղջիկ-ները» ոտանաւորով։ Հանդէսին բանախօսն էր Թեսաղոնիկէէն Կ. Գալֆայեանը։ Սկզբնաւորութեան հանդիսականներու բաշխուած քոքարտներէն գոյացած էր 1050 տրխ. որ երեք քոյր մասնաճիւղերու միաձայնութեամբ նուիրուած է Ֆիքսի վարժարանի շինութեան ֆոնտին։ «Յառաջ նահատակ»ով վերջացաւ հանդէսը, որմէ վերջ յարակից նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարհաւաքոյթ մը։