Շար.)
Սելանիկի մէջ կան երկու խումբեր, «Դանիէլ Վարուժան» եւ պատանիներու «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբերը։ Անդամներուն թիւն է 40։ Գոմոթինիի մէջ, ուր հազիւ 45 ընտանիք հայ կայ, կը գործէ նորակազմ խումբ մը «Արամ Արամեան» անունով։

15 հայ երիտասարդներ, որոնք հայկական վարժարանի երեսն անգամ չեն տեսած, հիմը դրած են վերոյիշեալ խումբին։ Տեղեկացանք թէ՝ մօտ ապագային, իրենց շրջանն ալ պիտի ունենայ, իր պատանեկան խումբը։ Վերոյիշեալ բոլոր խումբերն ալ կը գործեն իրենց սեփական ակումբներուն մէջ ու կը վայելեն Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան հովանաւորութիւնը։ Միայն Ֆիքսի շրջանն է, ոը կը գործէ Կաթողիկէ հայոց հաստատութեան սրահին մէջ։ Սակայն, Ֆիքսն ալ մօտ ապագային պիտի ունենայ իր սեփական ակումբը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Հ. Յ. Դ. Երիտ. Կեդր. վարչութիւնը, լաւագոյն գործունէութիւնը ունեցող խումբին, մրցանակ մը տրամադրած էր։ Սոյն մրցանակը (հայկական դրօշակ մը), այս տարի տրուեցաւ Ֆիքսի «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբին։ Յուզիչ էր պահը, երբ Ֆիքսի խումբի ընկ. խմբապետը ընդունեց դրօշը ու ապա իր խումբի պատգամաւոր ընկերներուն կողմէ փափաք յայտնեց, որ դրօշակը տրուի Գոմոթինիի նորկազմ խումբին։ Ընկերոջ առաջարկը, ներկաներուն կողմէ բուռն ու երկարատեւ ծափերու արժանացաւ։ Սակայն, Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչը, Ֆիքսի պատգամաւոր ընկերներու այս վեհանձն ու ընկերասէր ժեսթը գնահատելով հանդերձ, ըսաւ թէ օրինաւոր կերպով դրօշակը կը պատկանի «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբին, իսկ Գոմոթինիի խումբին համար, Կեդր. վարչութիւնը որոշած է առ ի գնահատանք, Արամ Արամեանի մեծադիր նկարը ղրկել, շրջանակի մէջ առնուած։ Բոլոր ներկաները ծափահարեցին այս որոշումը։ Ժողովը փակուեցաւ նոր Կեդր. վարչութեան ընտրութիւնով։ Ընտրուեցան ընկերներ՝ Յարութիւն Մեքթուպճեան, Մանուկ Մանուկեան, Սերգօ Շանկայեան եւ Գեղամ Եաղճեան եւ ընկերուհիներ՝ Շաքէ Պէրպէրեան, Պայծառ Մարտիկեան եւ Շաքէ Տէր Յարութիւնեան։