Վաղամեռիկ բանաստեղծ Վ. Տէրեանի տունը՝ վերածուած է թանգարանի, կը գտնուի Վրաստանի Ախալքալաքի շրջանի Գանձա գիւղին մէջ, որ պատմական Հայաստանի զուտ հայաբնակ շրջաններէն մէկն է։
Երեք տարիէ ի վեր բացուած է տուն-թանգարանը եւ իր վարիչին՝ Ս. Հասրաթեանի ջանքերուն շնորհիւ դարձած է հայաբնակ այդ շրջանի մշակութային հաստատութիւններէն մէկը։ Վահան Տէրեանի կեանքին, գրական եւ հանրային գործունէութեան հետ կապուած բազմաթիւ հետաքրքրական նիւթեր եւ իրեր կան հոն, ինչպէս բանաստեղծին ծննդեան վկայականը, Մոսկուայի համալսարանը աւարտած ըլլալու վկայակագիրը, եւայլն։ Թանգարանի վարչութիւնը հանգամանօրէն կ'ուսումնասիրէ Տէրեանի կեանքին հետ կապուած փաստաթուղթերը եւ ամէն ջանք կը թափէ, որպէսզի աւելի հարուստ եւ գեղեցիկ դառնայ թանգարանը։
Կանա եւ Կինէ Հայաստանի յանձնած են երկու մեծ ջրելեկտրակայաններու շինութեան գործը, որուն համար երեք հայ ճարտարագէտներ մեկնած են Ափրիկէ, տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար Հայաստանի մասնագէտներու պատրաստած նախագիծերը։ Կինէի ջրելեկտրակայանը՝ կէս միլիոն քիլովաթ տարողութեամբ, պիտի շինուի Կոնկուրէ գետին վրայ։ Պիտի կոչուի Սուապիտի ջրելեկտրակայան։ Սեւ Վոլտա գետին վրայ պիտի շինուի Կանայի ջրելեկտրակայանը որ երկրին ամէնէն մեծը պիտի ըլլայ։
Գիւղատնտեսական մեքենաները եւ գործիքները անհոգութեան եւ երբեմն ալ դիտմամբ փճացնողներուն դէմ Հայաստանի պետական իշխանութիւնները վերջերս ձեռք առած են՝ պատժական խիստ միջոցներ։ Հակառակ ասոր, դեռ կը շարունակուին անբարեխիղճ վերաբերումի դէպքերը։ «Սովետական Հայաստան»ի Սիսիանի շրջանի Ախլաթեան գիւղի կեդրոնում, բաց երկնքի տակ կանգնած են մեքենաները։ Մի քանի հատ թափուած են ձիւնի եւ ցեխի մէջ։ Տարիներէ ի վեր որոշումներ տրուեր են «մեքենաների համար ծածքեր եւ նորոգման արհեստանոց կառուցելու մասին» սակայն ապարդիւն։