Լուրջ եւ տպաւորիչ յուշահանդէս մը կազմակերպած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութիւնը, Մարտ 7-ին, Աթէնքի հելլէնեւամերիկեան կրթական հաստատութեան սրահին մէջ։

Յուշահանդէսին ներկայ էին գերշ. առաջնորդ սրբազան հայրը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միաբաններէն՝ հոգշ. Տ. Գրիգոր վրդ. Փիտէճեան, որ հիւրաբար Աթէնք կը գտնուէր, Ազգ. Կեդր. վարչութեան դիւանը, Տնտեսական խորհուրդը, Հ. Կ. Խաչը եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի ներկայացուցիչները, պոլսահայ հրապարակագիր պրն. Ն. Թոզան, արժանթինահայ երգչուհի օր. Սեդա Թորոսեան, թեսաղոնիկահայեր եւ ընտրանի աթենահայ երկսեռ ազգայիններ։ Հանդէսի բացումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան։ Օրուան պատշաճ արտասանութիւններ ըրին՝ օր. Էֆի Գըլըճեան, եղբ. Յ. Ղեւոնդեան եւ եղբ. Քրիստափոր Սիւսլեան։ Աթենահայ սիրուած երգչուհի տիկին Արուս Գրիգորեան երկու մեներգով իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերաւ յայտագրին։ Ապա՝ խօսեցաւ տիկ. Նուարդ Պէօրէկճեան, որ վերլուծեց Վարդանանքի նշանակութիւնը, յորդորեց հետեւիլ անոնց օրինակին եւ միշտ վառ պահել հայ եկեղեցին, հայ մշակոյթը եւ հայ կրօնքը։ Յարգանքի խօսքեր ըրին հոգ. Տէր Գրիգոր վրդ. Փիտէճեան եւ յունահայ գաղութի առաջնորդ՝ գերշ. Այվազեան եպիսկոպոս։

Պոլսահայ երիտասարդ պատմուածագիր եւ մամուլի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, որ «Լոնտոն Թայմզ» թերթի Թուրքիոյ ֆոթօ-ռեփորթեր եւ աշխարհի ամէնէն մեծ հանդէսներու աշխատակիցն է, նոր յաջողութիւն մը արձանագրած է իր ասպարէզին մէջ։  «Քամերա» ամսաթերթը, որ Զուիցերիոյ մէջ կը հրատարակուի ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ անգլերէն լեզուներով, մասնաւոր թիւ մը նուիրած է Արա Կիւլէրի, զոր կը ներկայացնէ որպէս 1961-ի աշխարհի 7 աստղ ֆոթօռեփորթըրներէն մէկը։ Արայի 22 լուսանըկարները հրատարակած է ամսաթերթը, որուն մէջ լոյս տեսած Լայքա լուսանկարչական գործիքներու ծանուցումին մէջ ալ Արա Կիւլէր ընտրուած է որպէս «Լայքայի վարպետ»։