Ամերիկայի մէջ Նիւ Եորքէն կը գրեն. Նիւ Եորքի մէջ բացառիկ յաջողութիւն ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի «Թումորօ իզ մայ թըռն» շարժանըկարը՝ ստանալով շարժանկարի քննադատներու միաձայն գնահատանքը:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը կազմակերպած է Հայաստանի պետական պատմական թանգարանը՝ ի յիշատակ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին։

Թղթատարութեան նախարարութիւնը հրապարակ հանած է Մեսրոպ Մաշտոցի դիմանկարով, հայկական այբուբենով եւ 1600-1962 թուականներով զարդարուն գունաւոր նամակադրոշմ մը։

Չորեքշաբթի, 13 Յունիս 1962-ին Լիբանանի պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Նշան Ազգային վարժարանի Շրջ. միութեան կազմակերպած հայրերու օրուան տօնակատարութիւնը:

Օդային գծով Թեսաղոնիկէ ժամանեց գաղութի բարեխնամ առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ Ս. եպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ համայնքի Ազգ. իշխանութեան ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեանի։