Հայկազեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 18 Յունիս 1962, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, քոլեճի բակին մէջ:
Երկսեռ շրջանաւարտներ, պաշտօնական համազգեստով, տնօրէնութեան եւ դասախօսական կազմի առաջնորդութեամբ մուտք գործեցին բակ: Հանդիսականներ յոտնկայս եւ համակրանքով ընդունեցին անոնց մուտքը: Վեր. Ահարոնեանի աղօթքէն ետք Հայկազեան քոլեճի տնօրէն տոքթ. Մարգարեան հանդէսին բացումը կատարեց եւ վարեց յայտագրի գործադրութիւնը: Ամերիկայի հայ աւետարանական ընկերակցութեան քարտուղար վեր. Թովմասեան նախ անգլերէն, ապա հայերէնով խօսեցաւ եւ կարեւորութեամբ շեշտեց ներկայ ժամանակներուն մեծ մարդոց անհրաժեշտութեան կարիքին եւ այդ ուղղութեամբ Հայկազեան քոլեճին կատարելիք դերին մասին: Բեմ հրաւիրուեցաւ Ստեփան Մեհակեան, որ Հայկազեան քոլեճի վարչական կազմին հրաւէրով իր կնոջ հետ Ամերիկայէն յատկապէս եկած էր ներկայ գտնուելու այս հանդիսութեան: Ս. Մեհակեան, որ հիմնադիրներէն եղած է Հայկազեան քոլեճին, հայրենաշունչ ճառ մը խօսեցաւ: Անդրադարձաւ մեր անցեալի արժէքներուն մասին եւ յստակ պատկերացումով ցոյց տուաւ, թէ մշակոյթի բոլոր մարզերուն մէջ հայ ժողովուրդը միշտ յառաջադէմ դիրքերու վրայ գտնուած է, հակառակ անոր որ շատ ծանր կորուստներ կրած է, մանաւանդ Համաշխարհային Ա. պատերազմին, որուն ապրիլեան եղեռնի զոհերէն է նաեւ տոքթ. Արմենակ Հայկազեան, հայրը՝ տիկին Մեհակեանի: «Հայկազեան քոլեճը հիմնուած է 1955-ին, 50-է աւելի պակաս ուսանողներով, եւ այսօր քառապատկուած է անոր թիւը: Իր առաջին հունձքն է, որ կու տայ»: Այնուհետեւ Մեհակեան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ ըսաւ. «Ազգերու ապագան կախեալ է իր մէջ ունեցած զարգացեալ անհատներու քանակէն: Նուիրումով դաստիարակեցէք եւ բաշխեցէք գիտութեան բարիքները»: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ տնօրէնութեան, վարչական կազմին եւ ուսուցչութեան: Յետոյ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը: