Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 19-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 16 Յունիս, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ժողովրդային տան մէջ, իր աշխատանքները աւարտեց նոր Շրջանային Վարչութեան ընտրութեամբ:
Երկու օր ամբողջ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի 17 մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորուհիներ, լսելէ ետք Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց տեղեկագրերը՝ իրենց երկամեայ գործունէութեան շուրջ, խաչուհիներու յատուկ ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեսակէտի փոխանակումներ ունեցան յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց գործունէութեան մասին՝ նախապէս գնահատանքի բանաձեւ մը հանելով Շրջանային վարչութեան գործունէութեան մասին: Շըրջանային վարչութեան տեղեկագրէն ի յայտ եկաւ, որ անցեալ երկու տարիներու ընթացքին Օգնութեան Խաչի կազմակերպութիւնը մեծ նուաճումներ կատարած է իր գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ մօտ 150 հազար լիբանանեան ոսկիի նիւթական գործառնութիւն մը ունենալով: Բացի այդ, խաչուհիներուն ընդհանուր թիւը բարձրացած է 3000-ի: Կիրակի կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը:
Յաւիտենական երիտասարդութեան գաղտնիքը հաւանաբար կը գտնուի այն հին դեղագրերուն մէջ, որ գտնուեցան մէկ քանի օր առաջ 108 տարեկանին այստեղ իր մահկանացուն կնքած Սերճ Պելէկի անկողնին տակ։ Պելէկ ծնած էր Հայաստան եւ կը կոչուէր Սարգիս Պելէկեան, երբ ութսուն տարի առաջ եկաւ Միացեալ Նահանգներ։ Ողջ մնացած ամէնէն հին ներգաղթողներէն էր։ Զարմանալին այն է, որ այս մաթուսաղան մինչեւ իր մահուան նախօրեակին կը պահէր իր մտքի եւ մարմնի ամբողջ ուժը։ Ասկէ 12 տարի առաջ - այսինքն 96 տարեկանին- զաւակ մը ունեցաւ երիտասարդ սեւամորթ կնոջմէ մը։ Կ'ըսուի թէ Սերճ Հայաստանէն հետը բերած էր իր մեծ հօր կողմէ հայերէն գրուած հին դեղագիրներ, որ զանազան բոյսերով այր մարդու սեռային կարողութիւնը յաւերժացնող դեղերու պատրաստութեան կերպը կը սորվեցնէին։