Ամերիկայի մէջ Նիւ Եորքէն կը գրեն. Նիւ Եորքի մէջ բացառիկ յաջողութիւն ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի «Թումորօ իզ մայ թըռն» շարժանըկարը՝ ստանալով շարժանկարի քննադատներու միաձայն գնահատանքը:

Ժապաւէնը նոյն խանդավառութիւնը գտաւ Ուաշինկթընի մէջ: «Ուաշինկթըն Փոսթ» զայն կը կոչէ Ֆրանսայի Սինաթրան: «Ուաշինկթըն Փոսթ» կը գրէ. «Ան   սկսաւ որպէս երգիչ, բայց այս շարժանկարին մէջ ան ցոյց կու տայ, թէ ինք տրամաթիկ դերասան մըն է»: Այս խաղը ղեկավարուած է Անտրէ Քայաթի կողմէ, որ շահեցաւ Վենետիկի շարժանկարի փառատօնին մէջ առաջնութիւնը՝ Շարլ Ազնաւուրի խաղարկութեան համար:

Վերջերս, Ֆրեզնօ ծնած եւ Լոնկ Ֆելօ բարձրագոյն դպրոցէն  շրջանաւարտ Ր. Թաթարեան վերադարձաւ իր ծննդավայրը՝ իբրեւ գործադիր խմբագիր «Եունայթըտ Փրէս» անուն ամերիկեան լրատուական գործակալութեան, որուն միակ մրցակիցն է «Էսոսիէյշըն Փրես»-ը: Ան 45 տարեկան է եւ իրեն ձեռքին տակ կը գործեն 4000-ի չափ նշանաւոր լրագրողներ, աշխարհի ամէն կողմը: Ըստ անոր պատմածին, նախագահ Քենետիի եռօրեայ պտոյտը Լատին Ամերիկայի մէջ իր ընկերութեան արժած է 45 հազար տոլար, անոր մասին եղած լուրերը ստանալու համար իր  թղթակիցներէն: Տիկին Քենետիի Հնդկաստան այցելութեան լուրերուն համար ծախսուած է առնուազն 10 հազար տոլար, Ր. Թաթարեանին կարծիքով, հայերէն այբուբենի շատ մը ձայներ ունենալը կ՛օգնէ հայերուն օտար լեզուներ սորվելու դիւրութեան:

Չարենցի ամբողջական գործերը՝ վեց հատորով, լոյս պիտի տեսնեն 1962-1966 ընթացքին: Առաջին չորս հատորներուն մէջ պիտի զետեղուին Չարենցի չափածոյ գործերը, թարգմանութիւնները: Հինգերորդը պիտի պարփակէ արձակ երկերը, իսկ վեցերորդը՝ գրական-հրապարակագրական յօդուածներ, գրախօսականներ, նամակներ եւ այլն: